ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թերթ».- Հայաստանի երկրորդ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեան, Մայիս 26ին յայտնեց, թէ Ռոբերտ Քոչարեան հանդիպած է Վլատիմիր Պութինի հետ։ Հանդիպման մանրամասնութիւնները չեն հաղորդուիր տակաւին։ «Պարոն Քոչարեանը Ռուսաստան էր մեկնել Մայիսի 20ին, մասնակցելու համար «ԱՖԿ Սիսթեմա» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նիստին», ըսաւ ան:
Հայաստանի երկրորդ նախագահը Հայաստան վերադարձած է Մայիս 25ին։ Խօսնակը չտեղեկացուց, թէ ո՞վ եղած էր Քոչարեան-Պութին հանդիպման նախաձեռնողը, եւ թէ ե՞րբ պիտի հրապարակուին հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան երրորդ անգամն ըլլալով կ՛առաջադրուի հեռահաղորդակցութեան ոլորտի ռուսական մեծագոյն՝ «ԱՖԿ Սիսթեմա» ընկերութեան անկախ տնօրէնի պաշտօնին: Առաջին անգամ «ԱՖԿ Սիսթեմա»ի բաժնետէրերու ժողովը զայն այդ պաշտօնին հաստատեց 2009ին, ապա՝ 2010ին, իսկ ընթացիկ Յունիս 25ին, բաժնետէրերու ժողովին կրկին պիտի առաջարկուի Քոչարեանը ընտրել տնօրէններու խորհուրդին մէջ:
Ըստ «ԱՖԿ Սիսթեմա»ի հաղորդագրութեան, տարեկան ժողովին մասնաւորապէս պիտի հաստատուի ընկերութեան 2010ի ելեւմտական հաշուետուութիւնը, պիտի առաջարկուի վերընտրել տնօրէններու խորհուրդի ինը անդամները, ինչպէս նաեւ նշանակել երեք նոր անդամներ:
Ընկերութեան պաշտօնական կայքին վրայ կը նշուի, թէ Ռոբերտ Քոչարեան անկախ տնօրէն է եւ ներդրողներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահ:
Թէեւ «ԱՖԿ Սիսթեմա»ն ուղղակի ներկայացուած չէ Հայաստանի մէջ, այն այլ ընկերութիւններու միջոցով գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ: Ընկերութեան կը պատկանի «Էմ.Թի.Էս.»ի 52.8 տոկոս բաժնետոմսերը:
Հայաստանի «Մարս» գործարանը յանձնուած է «ԱՖԿ Սիսթեմա»ի դուստր «Սիտրոնիքս» ընկերութեան միանձնեայ կառավարման: «ԱՖԿ Սիսթեմա»ին կը պատկանի «Սիտրոնիքս»ի բաժնետոմսերու 61.33 տոկոսը:
«ԱՖԿ Սիսթեմա»ն հիմնադրուած է 1993ին: Ընկերութեան հիմնական սեփականատէրը ռուս մեծահարուստ Վլատիմիր Եվտուշենքովն է, որ վերընտրուած է տնօրէններու խորհուրդի նախագահի պաշտօնին: