ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին, «Հայ մանուկին իրաւունքները» խորագիրով երգիծախառն թատերախաղ ներկայացուեցաւ Երկուշաբթի, Մայիս 16ի կէսօրէն առաջ ժամը 11ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Մայիս 14-էն 16 եռօրեայ բեմադրութեամբ ներկայացուած մանկապատանեկան այս թատերախաղը կու գայ ընդառաջելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակելու նախաձեռնութեան:
«Իր առօրեայ կեանքի պահանջներուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան կողքին, հայ մանուկը երբ մեծնայ, ի՛ր կարգին առաջ պիտի նետուի ու պաշտպանէ 1915ի Եղեռնին զոհ հազարաւոր հայ մանուկներու իրաւունքները», ըսաւ Հայ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդէզեան՝ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ:
«Ինչ որ լաւ է ու բարի է՝ հայ մանուկին իրաւունքն է: Այսօր, այս սրահին մէջ հայ մանուկը շատ պիտի խանդավառուի իր իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ, սակայն այս սրահէն դուրս՝ հայ ծնողներուն դերն ու պարտականութիւնն է իրենց զաւակներուն ցոյց տալ անոնց իրաւունքները», շարունակեց վարդապետը՝ մաղթելով, որ լուսարձակի տակ բերուող նիւթին՝ հայ մանուկի իրաւունքներուն արծարծումը չսահմանափակուի 2011ով, այլ՝ շարունակուի անոր ամբողջ կեանքին տեւողութեան:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած ու երկու արարով ներկայացուած «Հայ մանուկին իրաւունքները» խորագրեալ թատերախաղին ներկայացումը մեծապէս խանդավառեց հայկական վարժարաններէն ժամանած հարիւրաւոր աշակերտները, որոնք ծափերով ու ողջոյններով ձայնակցեցան թատերախաղի երգերուն: Յատկապէս ուշագրաւ էին թատերախաղի մասնակիցներէն Նայիրան եւ Լոռին, որոնք եկած էին «Արեւմտեան անտառ»ի թագաւորին մօտ՝ պաշտպանելու համար հայ մանուկին (Մկնիկ Մկնիկեանին) իրաւունքները:
«Մեր իրաւունքն է մեսրոպաշունչ տառերով մեր լեզուն խօսիլ», կը բացագանչէր «իրաւաբան» Նայիրան, պաշտպանելով իր թէզը:
Իսկ «իրաւաբան» Լոռին եկած էր յիշեցնելու թիւ 1915 կոնդակի 24րդ յօդուածը՝ հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանէր 24 Ապրիլ 1915ին զոհուած հազարաւոր հայ մանուկներուն իրաւունքը, եթէ հիմա այս Մկնիկ Մկնիկեանին իրաւունքը կը զլանար շնորհել:
«Հայ մանուկի տարուան» ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Մայիս ամիսը թատերական ու առհասարակ մշակութային ելոյթներու յատկացնելով՝ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը պիտի հովանաւորէ նաեւ յառաջիկայ ձեռնարկը, որուն ընթացքին մանկական երգերու մեկնաբան Մակին պիտի խանդավառէ հայ մանուկները: