
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի իշխանութիւնները կը հերքեն եգիպտական լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրերը, թէ Գահիրէ կը պատրաստուի ներում շնորհելու երկրի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքին ու անոր ընտանիքին։ Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ խորհուրդը չի կրնար այդպիսի որոշում տալ, որովհետեւ այդ քայլը արդարադատութեան իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ։
Խորհուրդը լրատուամիջոցները կը զգուշացնէ անստոյգ յայտարարութիւններ կատարելէ, ինչ որ ըստ խորհուրդին, «բացասաբար կ՛ազդէ բանակի եւ Եգիպտոսի ժողովուրդի փոխյարաբերութիւններուն վրայ»։
Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր, չորս միլիոն տոլար փրկագին մը վճարելէ ետք, ժամանակաւորապէս ազատ արձակուած էր Մուպարաքի կինը: Նախագահական գրասենեակի նախկին ղեկավար Զաքարիա Ազմի եւս փրկագինով ազատ արձակուած է:
Զանգուածային լրատուամիջոցները լուրեր տարածած էին այն մասին, թէ Մուպարաք կը պատրաստուի ուղերձ յղելու ժողովուրդին եւ ներում հայցելու իր եւ իր ընտանիքին գործած յանցանքներուն համար։ Ըստ տեղական թերթերու, Մուպարաք պատրաստակամութիւն յայտնած է պետական գանձարանին փոխանցելու 143 միլիոն տոլարի հաշիւ մը։
Մուպարաքի մօտիկ աղբիւրներ, միւս կողմէ, եւս Լոնտոնի մէջ հրատարակուող «Հայա»չ օրաթերթին ճամբով հերքեցին, թէ ան մտադիր է նման կոչ մը կատարել: