
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շամլեան» Ազգային վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտ Յակոբ Մարկոսեան, Մայիս 3ին արժանացած է Քալիֆորնիոյ նահանգի գիտական մրցանքի պատուոյ յիշատակութեան: Յակոբը առաջին դիրքը գրաւած էր գաւառային մակարդակի մրցոյթին՝ ապահովելով նահանգային մակարդակի այս հեղինակաւոր մրցոյթին մասնակցելու իրաւունքը, քիմիագիտութեան մարզին մէջ: Նահանգային մրցանքին կը մասնակցէին 400 դպրոցներէ 950 աշակերտներ՝ մրցելով 22 տարբեր բաժանմունքներու մէջ:
Նահանգի գիտական մրցանքին մասնակցած են «Շամլեան»էն չորս այլ աշակերտներ եւս: Վարժարանը կը շնորհաւորէ աշակերտները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ գիտական մրցանքները համակարգող անոնց ուսուցչուհիին՝ Լիդա Գէորգեանին, աշակերտները լաւագոյնս պատրաստելուն համար: