
Ցաւով իմացանք անակնկալ մահուան լուրը մեր սիրեցեալ հայրենակից Բիւզանդ Մարգարեանի:
Այնթապահայու իր ազգասիրական զգացումները, սրտաբուխ, իր լուռ բարեգործութիւնները եւ Հայաստանի Նոր Այնթապ աւանի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցի վերանորոգման մատուցած իշխանական իր նուիրատուութիւնը, արժանի ըրին զինք բարերարի կոչումին:
Յետ մահու բարերարի կոչումին արժանացաւ նաեւ Նազարեան բարերար ընտանիքի դուստր իր տիկինը: Արդարեւ, դպրոցի ճակատին արձանագրուեցաւ «Բարերարութեամբ Բիւզանդ եւ Մարի Մարգարեաններու»:
Բիւզանդ Մարգարեանի բարերարութեամբ, 2000 թուին Նոր Այնթապ աւանի մէջ գտնուուղ Այնթապի հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանին առջեւ զետեղուեցան հերոսամարտի երեք ղեկավարներու՝ (Ատուր Լեւոնեանի, Տէր Ներսէս քհնյ. Թաւուգճեանի եւ Աւետիս Քալեմքեարեանի) կիսանդրիները:
Մեր զգացուած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ողբացեալի վշտահար զաւակներուն՝ Ալեքսին եւ Տիրանին եւ բոլոր պարագաներուն:
ԱՅՆԹԱՊՑԻՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍ