Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Մայիս 4ի յետմիջօրէին ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի մօտ ՄԱԿի ներկայացուցիչ Տաֆինա Կարչեւայի եւ անոր գլխաւոր խորհրդական Արմէն Բայպուրթեանի։ Անոնց կ՛ընկերանային Հայ ամերիկեան առեւտուրի ընկերակցութեան փոխնախագահ Երուանդ Արճոյեան եւ այցելութեան համակարգումի պատասխանատու Խաչատուր Խուտիկեան։
Հանդիպումին ներկայ եղան Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վահէ Եագուպեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Ռիմա Պօղոսեան եւ փոխատենապետ Ճորճ Չօրպաճեան։
Առաջնորդը ողջունեց յարգելի հիւրերը եւ ընդհանուր ծանօթութիւններ տուաւ Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան ու աշխատանքի դաշտերուն մասին՝ նկատի ունենալով յատկապէս մեր եկեղեցիներն ու ազգային վարժարաններու գործունէութիւնը։ Փոխադարձաբար, ՄԱԿի պաշտօնատարները տեղեկութիւններ տուին Հայաստանի մէջ միջազգային կազմակերպութեան գործունէութեան եւ պետական ու եկեղեցական շրջանակներու հետ գործակցութեան դաշտերուն մասին։ Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի տնտեսական, ընկերային ու մշակութային մարզերը ու անոնց զարգացման մէջ ՄԱԿի կատարած ներդրումը։ Ծանօթութիւններ ու տեսակէտներ փոխանակուեցան նաեւ Սփիւռքին կողմէ Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութեանց մասին, այն նկատառումով, որ անհատներ թէ հաստատութիւններ կրնան ՄԱԿի ճամբով օժանդակութիւն տրամադրել Հայաստանին։
Ի պատասխան ՄԱԿի ներկայացուցիչին հարցումներուն՝ առաջնորդն ու ներկայ հիւրընկալները ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուին յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութի կազմաւորման հոլովոյթին մասին, իբրեւ հետեւանք՝ Օսմանեան կայսրութեան հալածանքներուն, Ցեղասպանութեան, եւ անոնցմէ խուսափելով՝ այս ափերը դիմողներու ալիքներուն։ Անոնք կանգ առին իրերայաջորդ սերունդներու ազգային պատկանելիութեան զգացումին, ի մասնաւորի՝ Ֆրեզնոյի հայկական գաղութի իւրայատկութեան վրայ, նշելով, որ շրջանը, ըլլալով երկրագործական գօտի՝ կրնայ կարեւոր ներդրում ունենալ Հայաստանի զարգացման աշխատանքներուն մէջ։
Հանդիպման աւարտին, սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն։