ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Նարեկ Խաչիկեանը 12 տարեկան է. ան կրտսեր զաւակն է տէր եւ տիկին Կարօ եւ Նունէ Խաչիկեաններուն: Երեք տարի առաջ, անոնք Մինիսոթայէն փոխադրուելով՝ եկան եւ հաստատուեցան Ֆրեզնօ քաղաքը: Կարօն բժիշկ է եւ կ՛աշխատի «Քայզըր» հաստատութեան մէջ: Մենք «Ասպարէզ»ի՝ Բժիշկներուն նուիրուած բացառիկին մէջ, ներկայացուցած էինք բժշկական ասպարէզէն ներս անոր ունեցած ծառայութիւնն ու յաջողութիւնները, իսկ տիկինը՝ Նունէն, նոյնպէս ասպարէզով բժշկուհի, սակայն ներկայիս կը զբաղի երկու զաւակներուն կրթութեամբ:
Նարեկը կը յաճախէ Clovis-ի «Վալի Օք» դպրոցը եւ 6րդ դասարանի աշակերտ է. ան այս տարի մասնակցեցաւ դպրոցին մէջ կատարուած Spelling Bee-ի զտման մրցումին եւ իրաւունք ստացաւ դպրոցին կողմէ մասնակցելու Մարտ 31ին, Ֆրեզնօ գաւառին կազմակերպած Spelling Bee-ին: Նարեկ, յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Ֆրեզնօ գաւառի զտման մրցումը, երկու հոգիով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու նաեւ 2011ի California State Elementary Spelling Bee-ին, որ կազմուած էր ութ հանգրուաններով:
Վերոյիշեալ մրցումը տեղի ունեցաւ 16 Ապրիլ, 2011ին, Սթաքթըն քաղաքի Մշակութային սրահին մէջ, մասնակցութեամբ 61 աշակերտ-աշակերտուհիներու եւ ներկայութեամբ դպրոցներու ուսուցիչներու ու մեծ թիւով ծնողներու, որոնք եկած էին քաջալերելու եւ տեսնելու իրենց զաւակները եւ աշակերտները, որոնք բեմին վրայ կը պայքարէին՝ հասնելու համար աւարտական 8րդ հանգրուանին: «Իւրաքանչիւր հանգրուանի սրտաճմլիկ եւ ուրախութեան երեւոյթներ կը պարզուէին», կ՛ըսէ բժիշկ Կարօն, աւելցնելով. «Պիտի տեսնէիր պարտուող աշակերտները ինչպէս բեմէն կը հեռանային գլխիկոր, իսկ յաղթականները՝ ծափահարութիւններով կը քաջալերուէին. այսպիսի յուզիչ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ես ու կինս անհամբեր կը սպասէինք Նարեկին, որ թեւակոխած էր 5րդ հանգրուանը եւ պիտի սկսէր 6րդը»:
Բեմին վրայ աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի. 6րդ հանգրուանին, 15 աշակերտ-աշակերտուհիներ սրտատրոփ կը սպասեն, թէ իրենցմէ ո՞վ պիտի սխալէր եւ արցունքը աչքերուն՝ բեմէն պիտի հեռանար: Ինչպէս կը պատմէ Կարօն, «Ես ու կինս նոյնպէս խանդավառ եւ անհամբեր էինք, եւ կը դիտէինք մեր տղան՝ Նարեկը, որ բեմէն մեզ կը նայէր՝ ուրախ ժպիտը շուրթերուն»: Կը հնչէ 6րդ հանգրուանին ազդանշանը եւ աշակերտները ջղագրգիռ՝ իրենց կարգին կը պատասխանեն. պատասխանատու ուսուցիչը կը յայտարարէ վերջընթեր՝ 7րդ հանգրուանին, մասնակցող աշակերտներուն անունները. Նարեկ եւ ուրիշներ, բեմէն վար գալով՝ կը գրաւեն իրենց տեղերը, եւ ուշի ուշով կը հետեւին վերջին 7րդ եւ 8րդ հանգրուաններուն:
Իրապէս գովելի եւ քաջալերելի է Նարեկին աշխատանքը. 12 տարեկան հայ մանուկ մը՝ 61 աշակերտներու մէջ հասած 6րդ հանգրուանին, յաղթանակ կը նշանակէ:
Սիրելի հայորդի Նարեկ, մենք քեզ յաղթական կը հռչակենք եւ բոլոր սրտով կը ցանկանք նորանոր յաջողութիւններ քեզ. կը մաղթենք, որ ապագային մասնակցիս աւելի մեծ մրցումներու եւ պատիւ բերես հայ ազգին, որուն ժառանգորդն ես, ինչպէս նաեւ ծնողքիդ՝ Կարոյին եւ Նունէին:
Սիրելի Նարեկ, «Մեզ հայ են ասում, գիտենք ժայռից վանք կերտել եւ մարդ սարքել կաւից»: Ապրի՛ս, հազար ապրիս. բոլոր սրտով կը շնորհաւորենք քեզ:
Ֆրեզնօ, 30 Ապրիլ, 2011