(Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Անփառունակ Շրջադարձը)
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Քաղաքականութիւնը անել կացութիւններէն ելք գտնելու եւ աննպաստ պայմաններէն հնարաւոր նուազագոյն վնասով դուրս գալու հմտութիւնը, ինչպէս եւ փոխադարձաբար՝ նպաստաւոր պայմաններէն հնարաւոր առաւելագոյն օգուտը քաղելու ճկունութիւնը կը պահանջէ:
Ուրեմն, քաղաքականութիւնը հնարաւորին արուեստն է:
Այս կը նշանակէ, թէ ղեկավարներ թէ քաղաքական գործիչներ վստահութիւն կը վայելեն ու կը ներշնչեն այն չափով, որ անոնք ամբարած են գիտելիքներ եւ ունին հմտութիւնը՝ կացութիւններ կշռադատելու, իրենց առած ու առնելիք քայլերուն հետեւանքները նախատեսելու եւ համապատասխան միջամտութիւններով ազդելու պատահելիքներուն ընթացքին ու արդիւնքին վրայ:
Այս առումով, կասկած չունինք ՀՀի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի (ԼՏՊ) մտաւորական կարողութիւններուն եւ ղեկավարի յատկութեան վրայ: Ինչ կը վերաբերի անոր քաղաքական հմտութեան, անմիջապէս յայտնենք որ քաղաքականութեան արուեստին տիրանալու լաւագոյն եւ ամէնէն արդիւնաւոր համալսարանը կը կազմէ պետական կեանքը:
Արդ, ղարաբաղեան ճակատի վրայ ազատագրական պատերազմի թոհուբոհին մէջ եւ հայաստանեան կեանքի շատ զգայուն մէկ հանգրուանին, պետական հին շէնքը պահելով հանդերձ զայն կամաց-կամաց քանդելու եւ նորը կառուցելու թէժ տարիներուն՝ այդ համալսարանին, այսինքն պետութեան ղեկը ստանձնած ըլլալով, անպայման որ ան տիրապետած է քաղաքական հմտութեան, կացութիւններ կշռադատելու եւ հետեւանքներ դիմագրաւելու ճկունութեան: Ահա նաեւ թէ ինչու եւ ինչպէս ան կրցաւ տասը տարի լռութեան դատապարտել ինքզինք, սպասելով որ իր ղեկավարման շրջանին կապուած բնակչութեան յիշողութիւնը աղօտի, միաժամանակ իր յաջորդին պատճառած ժողովրդային յուսախաբութիւնը խորանայ ու դժգոհութեան ալիքը սաստկանայ, որպէսզի քաղաքական հրապարակ վերադառնայ մեծ աղմուկով եւ այնպիսի վճռական կարգախօսներով, որոնք պիտի հմայէին մասնաւորաբար նոր սերունդը. չափահասութեան տարիքին նոր թեւակոխած այն խաւը, որ… անչափահաս էր իր նախագահութեան տարիներուն, որով եւ անգիտակ՝ այդ տարիներու անցուդարձերուն, չարաշահութեանց, ժողովուրդին ապրած նոյնքան խորունկ յուսախաբութեան…:
Վերադարձաւ եւ իրմով լեցուց քաղաքական հրապարակը:
Ընդունուած կանոն է, որ իշխանութիւնը դատուի-գնահատուի գործի արդիւնքէն, իսկ այլընտրանքային ընդդիմութիւնը՝ խօսքի արժանահաւատութենէն, համոզիչ ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքէն: Ընտրազանգուածը մէկուն գործը եւ միւսին խօսքը համեմատութեան կ՛ենթարկէ եւ իր նախընտրութիւնը ըստ այնմ կը կապէ մէկուն կամ միւսին:
Փաստօրէն, ԼՏՊի վերադարձէն ետք, ահա երեք-չորս տարիներէ ի վեր հանրութիւնը անտարբեր է «գործ»ին նկատմամբ, բայց բացառապէս ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ընդդիմադիր ղեկավարին «խօսք»ին վրայ եւ այս հակառակ այն իրողութեան, որ ան իր ելոյթներու ընթացքին քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական բնագաւառներու բարելաւման իմաստով, բացի անորոշ բաղձանքներէ, յստակ ու շօշափելի եւ համոզիչ ծրագիր չէ ներկայացուցած: Միակ յստակը անդառնալի վճռականութիւնն էր «աւազակապետութիւնը կազմաքանդելու» եւ երկիրը ազատագրելու «Սերժ Սարգսեան – Ռ. Քոչարեան զաւթիչ ու բռնակալ աւազակապետներէն»…:
Նախագահական ընտրութենէն առաջ յանկերգի նման կրկնուող բոցաշունչ այդ կարգախօսները ընտրութենէն ետք յանգեցուցին Մարտ 1ի ողբերգութեան եւ ընդդիմադիր թունդ գործիչներու բանտարկութեան: Միջանկեալ ըսենք, որ ոչ այդ կարգախօսները, ոչ վաճառատուներու կողոպուտը եւ ոչ ալ նոյնիսկ գունաւոր յեղաշրջումի մը ենթադրութիւնը չեն արդարացներ այն սպանդը, որուն ենթարկուեցան ընդդիմադիր ցուցարարները եւ որ իբրեւ ամօթալի խարան պատմութեան մէջ պիտի մնայ օրուան իշխանաւորներու ճակտին: Բայց ասիկա արդէն ուրիշ հարց է եւ կապ չունի ներկայ նիւթին հետ:
Աւելի քան երեք տարի անհաշտ պայքար մղելէ, տեղի-անտեղի սպառնալիքներով յոխորտալէ եւ իշխանութեանց վերջնագիրներ տալէ ետք, այսօր ԼՏՊ անելի մատնուած՝ այնպիսի ելք կը փնտռէ, որ թէ կաղամբը փրկուի եւ թէ այծը կշտանայ… Այսինքն, թէ ինքը չվարկազրկուի եւ թէ իշխանութիւնները գոհացնէ իր… շրջադարձով: Ձեւական պայմաններ կը դնէ եւ «երկխօսութեան» հայցով ձեռք կ՛երկարէ, որո՞ւ՝ «…զաւթիչ բռնակալ աւազակապետ…» իշխանաւորին:
Ի՞նչն է պատճառը, որ իրեն պէս փորձառու քաղաքական գործիչ մը հակառակորդին համար ուզէ թակարդ լարել, բայց ինք ինայ թակարդին մէջ, չկարենայ ինքզինք հակակշռել, որպէսզի նաեւ արժանաւորապէս դիմագրաւէ իր արարքներուն, տեղացուցած սպառնալիքներուն, «աւազակապետութիւնը կազմաքանդելու» վճռական խոստումներուն հետեւանքները:
Կը կարծենք որ ՀՀի առաջին նախագահին աքիլլէսեան կրունկը (գարշապարը-Խմբ.), մեծագոյն տկարութիւնը իր անզուսպ կիրքն է, մոլուցքը, վրէժխնդիր խառնուածքը, ինչ որ լաւ խորհրդատու չէ ոեւէ անձի, յատկապէս քաղաքական գործիչի համար: Այդ կրքոտութիւնը դրսեւորած էր նախագահ եղած ժամանակէն, երբ առանց հիմնաւոր տուեալի Հայաստանէն արտաքսման հրամանագիր ստորագրած էր ՀՅԴ բիւրոյի «օտարերկրացի» ներկայացուցչին դէմ: Իր ատենին, այդ հրամանագրին իր կողմէ կարդացուիլը հեռատեսիլէն (չմոռնանք որ նախագահ էր) կը մատնէր արդէն պատճառը. մէկ ու միակ ախոյեանը մնալու վրէժխնդիր հոգեբանութեան մը բարդոյթը: Անկէ առաջ՝ «ախոյենական» միեւնոյն անհաշտութիւնը՝ նոյնիսկ պայքարի ընկերներուն դէմ, օրինակ ԼՏՊ-Վազգէն Մանուկեան հակադրութիւնը, երբ ինք Ազգային Ժողովի նախագահն էր, իսկ միւսը՝ վարչապետ..: Այդ հակադրութենէն յաղթական ախոյեանը հանդիսացաւ եւ գրեթէ չէզոքացուց հակառակորդը՝ ստանձնելով երկրին ղեկը: Ապա, նոյն «ախոյենական» հովերով, հակառակ իր գործակիցներու տեսակէտին, հրապարակ եկաւ «պատերազմ թէ խաղաղութիւն» տխրահռչակ յօդուածով, որ ըստ էութեան տապալելու որոշում էր հերոսական մարտընչումներով ձեռք բերուած Ղարաբաղի անկախութիւնը, բայց … ինք տապալեցաւ: Ընդդիմադիր ղեկավարի դերին մէջ, միեւնոյն յաւակնոտութիւնը, միակ ընդդիմադիր ախոյեանը, իսկ միւսնե՞րը՝ ծախուած, իշխանաւորին գրպանը: Այդքան:
Յայտնօրէն, լռութեան տասը տարիներուն, իր պատեանին մէջ քաշուած, փոխանակ հանդարտելու եւ աքիլլէսեան իր կրունկը դարմանելու, ընդհակառակն. աւելիով ուռճացուցած էր ատելութիւնը իր հին ու հաւատարիմ գործակիցներուն դէմ, որոնք զինք «ապերախտաբար» մեկուսացման դատապարտած էին եւ զրկած՝ իշխանութեան կերակրատաշտէն: Հիմա իր վիճակը կը նմանի այն խաղացողին, որ առաջին երկու խաղաթուղթէն շլացած՝ իր «սոլտը» «Ամբողջ ունեցածը-խմբ.) կը դնէ սեղանին վրայ եւ կորսնցնելէ ետք՝ պարտքի գումար կը խնդրէ շահողէն՝ խաղը շարունակելու համար: Չէ պատահած, որ շահողը փոխ չտայ պարտուողին, որ շարունակէ… պարտուիլ:
ԼՏՊ իր գրաւը դրաւ բնակչութեան դժգոհ ու ընդվզած զանգուածին վրայ, յուսաց եւ յոյս տուաւ անոնց, որ ի վերջոյ պիտի զգետնէ հակառակորդը եւ քաղաքական պահեստի իր դրամագլուխը վատնելէ ետք, հիմա ձեռնթափ ու տապալած՝ թեւը կ՛երկարէ երկխօսութեան համար:
Ըսինք արդէն, չկայ խելամիտ շահող, որ երկարած ձեռքը օդին մէջ ձգէ, քանի որ այս պարագային՝
ա.- Իբրեւ սկզբունքային տուեալ, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մարզերու հիմնական ուղեգծերու մէջ տարբերութիւն չունին իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն: Արդէն յաջորդողները չշեղեցան առաջին նախագահի, ԼՏՊի գլխաւոր ուղիէն: Որոշ պարագաներու՝ միայն կարգ մը զիկզակներ կատարեցին…:
բ.- Իշխանութիւնը թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատի վրայ իր դիրքը աւելի պիտի ամրացնէ: Ներքին ճակատի վրայ՝ զինաթափ ընելով ընդդիմութեան ղեկավարը, իսկ արտաքին ճակատի վրայ՝ ցոյց տալով որ ինք «լայնախոհ ու վեհանձն» է ընդդիմութեան նկատմամբ:
գ.- Ընդդիմութեան միացած հասարակութեան ծայրայեղ թեւը եւ անոնց աչքին «հերոսացած» բանտարկեալները յուսախաբութեան պիտի մատնուին, որով եւ որոշ չափով անոնք պիտի կորսնցնեն իրենց խանդավառութիւնն ու ընտրողներու վրայ ազդելու հմայքը, եթէ նոյնիսկ չփոխեն իրենց դիրքերը :
դ.- Միանգամընդմիշտ վերջ պիտի տրուի Ռ. Քոչարեանի վերադարձի հաւանական ախորժակին, մանաւանդ այն բանէն ետք, որ մէկուն պահանջքով եւ միւսին ընդառաջումով Մարտ 1ի թղթածրարը վերաբանալու խնդիր մը դրուած է մէջտեղ, աւելի իբրեւ ազդարարութիւն երկրորդ նախագահին ու անոր մօտիկ շրջանակներուն, քան թէ իբրեւ անկեղծ հետազօտութիւն:
ե.- Ընտրազանգուածը առնուած պիտի ըլլայ իշխանութիւն-«ընդդիմութիւն» օղակին մէջ, գրեթէ անկարելի դարձնելով երրորդ նոր քաղաքական ուժի մը գոյացման հաւանականութիւնը: Ոյժ մը, որ կարենայ այլընտրանքային ըլլալու սպառնալիք դառնալ:
Ներկայ ու յառաջանալիք պայմաններու տակ, մեր կարծիքով, ընտրապայքարի դասական եղանակի մը որդեգրումը պտուղ պիտի չտայ : Կառավարական թխածոյ կամ նորարար բլաթֆորմի (ծրագրի-Խմբ.) հրապարակում, շռայլ խոստումներ կամ հանրութիւն դաստիարակելու այլապէս շատ օգտակար արշաւ՝ արձագանգ պիտի չգտնեն քանիցս խաբուած ընտրողներու ականջներուն մէջ:
Պահին հրամայականը եւ հաւանական յուսատու ձեւը կրնայ ըլլալ թերեւս՝ բանիւ, այլ մանաւանդ գործքով ու կեցուածքով վճռական ու անզիջող պայքարը, որ պիտի նպատակադրէ համոզել բնակչութիւնը, որ օղակէն դուրս գալու ելքը երկիրը լքելու ճանապարհը չէ, այլ ձերբազատուելու անհրաժեշտութիւնն է օղակը կազմող ու սեղմող ճարտարապետներէն: