ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ողբերգութիւնը, որ ընդհանրապէս դէպքի կ՛առնչուի սովորական խօսակցութեան ընթացքին, բնականաբար կը վերաբերի մարդուն, եւ յարաբերաբար անոր՝ զգալի իրականութիւն կը դառնայ: Այլապէս մարդու ստեղծումէն առաջ, անհաշիւ դարերու ընթացքին, անհուն անջրպետին մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ պայթումները ու մոլորակային թէ երկնաքարերու բախումները, որոնք մեծ դղդրդիւններ յառաջացուցած պէտք է ըլլան, նաեւ մեծ աղէտներ պիտի նկատուէին: Կամ, ներկայիս աշխարհի զանազան ցամաքամասերուն վրայ կամ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող աւերիչ երկրաշարժները, որոնք իրենց ուժգնութեամբ մասնագիտօրէն կը զանազանուին հիմա նախապէս եղածներէն, աղէտ ըլլալու հանգամանքը պիտի չունենային, եթէ այդ շրջաններուն մէջ քաղաքներ հաստատուած չըլլային ու մարդկային կեանքին որեւիցէ վնաս չսպառնար:
Ուրեմն մարդուն գոյութիւնն է, որ նիւթին արժէք կու տայ, նոյնիսկ երբ այդ նիւթը անշարժ է, կամ՝ իր տարերքէն դուրս գալով, շարժումի կը վերածուի, դրական թէ ժխտական յառաջխաղացքով:
Կեանքի ընթացքին ողբերգութիւնները միայն նիւթական իմաստով չեն ըմբռնուիր: Կան տակաւին մարդու կեանքին առնչուած տեսակները, զորս երկու խումբի կարելի է բաժնել: Առաջին խմբաւորման մէջ կ՛իյնան անոնք, որոնք անոր ֆիզիքականին վնաս կը հասցնեն, այսինքն այն արկածները, որոնց հանդիպելով, մարդ կրնայ արկածահար ըլլալ: Նման կացութիւն, բնականաբար ողբերգութեան պատճառ կը դառնայ, երբ արկածահար մարդը կը կորսնցնէ որ ֆիզիքական առողջութիւնը, երբեմն հաշմանդամ կը դառնայ, կամ ծանրօրէն վիրաւորուելով, ցկեանս կը դատապարտուի այդ արկածին հետեւանքները կրելու:
Մարդոց պատահող ողբերգութիւններուն երկրորդ տեսակը հոգեկանն է: Այս պարագային, արկածի հանդիպողը մարդուն մարմինը չէ՛, այլ՝ հոգին, զգացումները, ներաշխարհը, իր ներքին մարդը, որ յաճախ չտոկալով ցաւին ու վիշտին, մահուան պատճառ կը դառնայ: Հոգեկան այս ողբերգութիւններուն պատճառներէն գլխաւորը մարդն է, որուն հետ մնայուն փոխյարաբերութեան մէջ պիտի ըլլայ իր նմանը, այնքան ատեն որ այս աշխարհի մէջ կ՛ապրի:
Հոգեկան ողբերգութիւններուն պատճառները թուարկելը դուրս է մեր մտադրութենէն, որովհետեւ ինչքան մարդ կայ այս աշխարհի մէջ, այնքան ու աւելի պիտի ըլլան մեր կազմելիք ցուցակին վրայ նշուած պատճառներուն տեսակները: Իւրաքանչիւր մարդ իր կեանքի ընթացքին անհաշիւ հոգեկան ողբերգութիւններու կրնայ հանդիպիլ, զորս պէտք է կարենայ դիմակայել քաջութեամբ, ու առանց վհատելու: Այսպէս, մէկուն պատահած վիրաւորանքը, ուրիշին պատահած անարգանքը, երրորդին հանդէպ արձակուած անարդար վճիռը, մէկ ուրիշին համար որդեգրուած հանրային սխալ կարծիքը, պատճառ կրնան դառնալ հոգեկան ողբերգութեան, որուն ենթարկուող մարդը կը տառապի ու յաճախ անել կացութեան կը մատնուի:
Հոգեկան ողբերգութեան պատճառ եղող մարդոց կարգավիճակին ու անո՛նց հոգեբանական կացութեան մասին խօսիլ, դարձեալ դուրս կը մնայ այս գրութեան համար մեր նախատեսած նիւթէն: Իր կարգին, անիկա կարելի է բացատրել ապագային:
«Մարդկային ողբերգութիւն» ըսելով, գրական լեզուի մէջ նաեւ կը հասկնանք այն մարդիկը, որոնք իրենց գոյութեան կամ ապրելուն իմաստը կորսնցուցած են: Չեն գիտեր թէ ինչո՞ւ ծագող արեւին հետ աչքերնին կը բացուի, ինչո՞ւ վեր կը կանգնին անկողինէն, դէպի ո՞ւր կը քալեն, եւ ի՞նչ պիտի ըլլան արեգակին մայր մտնելու պահուն: Այսպիսիներուն համար, առօրեայ սովորութիւնը իսկական փրկութիւն է, զոր որդեգրած կ՛ըլլան ամէնէն նախնական փորձառութեամբ (ուտել, խմել, քնանալ, արթննալ, եւ մասամբք սոցին): Այլապէս այնպիսի շփոթ կացութեան պիտի մատնուէին անոնք, որ կրնար զիրենք մինչեւ իսկ յուսահատութեան մատնել, ու պատճառ դառնալ որ անիծէին իրենց ծննդեան դժբախտ օրը: Ասոնք ընդհանրապէս բազմաթիւ հարցումներ կ՛ուղղեն զանազան նիւթերով, որոնք իրենց չեն վերաբերիր: Սակայն խուսափելով կը խուսափին մէկ հարցումէ, որ իրենց անձին կը վերաբերի.
_Ինչո՞ւ կ՛ապրիմ:
Այս հարցումէն կը սարսափին «մարդկային ողբերգութիւն»ները, որովհետեւ չունին մասնաւոր պատասխան ատոր: Չեն ալ ուզեր որ ուրիշներ օգնեն իրենց, գտնելու կեանքին իմաստը, մարդու գոյութեան նպատակը այս Երկիր մոլորակին վրայ, մարդկային կեանքին վախճանակէտը Աստուծոյ մէջ, աշխատութեան բարիքները, ծուլութեան բերած ու բերելիք աւերները, որոնք իրենց եւ շրջապատին աղէտ կը դառնան, եւայլն:
Փորձառու ծերունին, տեսնելով «մարդկային ողբերգութիւն»ներ, ճաշելը՝ մշակոյթ կը նկատէր անոնց կողմէ դիտած, ու բարի ախորժակ մաղթելու փոխարէն, բարի մշակոյթ կը մաղթէր…: Այս պարագային միակ տարբերութիւնը անասունէն, վերջիններուն ասուն ըլլալը կ՛ըլլայ, որով ասոնք գէթ կրնան կերակուր ուտելը մշակոյթ իբրեւ ընդունիլ…: Մինչ անասունը այդ գիտակցութենէն զուրկ է, ու պարզապէս իր անսուաղութիւնը յագեցնելու համար որսի կ՛ելլէ, եւ ո՛չ թէ «մշակոյթ իրագործել»ու:
Որոշ ժամանակ ետք այնքան «բարձրորակ» մշակոյթ կը սկսի նկատուիլ ասիկա իրենց համար, որ նոյնիսկ կը դառնայ խօսակցութեան միակ նիւթը այս «մարդկային ողբերգութիւն»ներուն միջեւ, արեգակի ծագումէն մինչեւ հանգստեան երեկոյացեալ ժամը:
Հետաքրքրական է նաեւ, որ յոյսը, «մարդկային ողբերգութիւն»ներուն պարագային, մասնաւոր ոյժ չի՛ ներկայացներ, ո՛չ ալ նպատակի հասնելու ազդակի հանգամանք: Մինչ, մարդկային ողբերգութեան այդ վիճակէն զերծ անհատներու համար, յոյսը կեանքին չափ էական է, եւ նոյնիսկ կարելի է ըսել թէ՝ յուսալը, շնչելու համազօր է: Լսուած խօսք է, թէ մարդուն յոյսը իր մահէն ետք որոշ ժամանակ կ՛ապրի: Այսինքն անիկա աւելի երկարակեաց է քան զայն իր հոգւոյն մէջ կրող իւրաքանչիւր մարդ:
Շատեր կը փորձեն օգտակար հանդիսանալ «մարդկային ողբերգութիւն»ներու, սակայն ի զուր: Աշխատութեան հանդէպ ի ծնէ աճած թշնամանքը թոյլ չի՛ տար, որ անոնք գործի մղուին: Գնչուական հոգեբանութիւնը, որուն հոգը միայն թափառաշրջիկ ըլլալուն մէջ կը կայանայ, լաւագոյնս կը յարմարի նաեւ «մարդկային ողբերգութիւն»ներուն: Մէկ տարբերութիւն սակայն պէտք է ընդգծել, որ գնչուն գէթ ունի մտահոգութիւն, որ է՝ իր վրանին ապահովութիւնը եւ ընտանիքին բարօրութիւնը: Մինչ «մարդկային ողբերգութիւն»ներու անհոգութիւնը աննկարագրելի է, նոյնիսկ իրենց սեփական տան նկատմամբ, ուր տիրող քաոսը, իսկական պատկերն է այն խառնակութեան, որ կը տիրէ իրենց միտքին ու անհանգիստ հոգիին մէջ:
Եթէ «մարդկային ողբերգութիւն»ներու ցուցակը ստուգելով կ՛ուզես գիտնալ թէ անունդ արձանագրուա՞ծ է կամ ոչ, պարզապէս դուն քեզի հարց տուր. Ինչո՞ւ կ՛ապրիմ: Տուած պատասխանէդ կախեալ պիտի ըլլայ ստուգմանդ արդիւնքը: