ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մայիս 12ին, Սպիտակ տունը վերահաստատեց Սուրիոյ մէջ ուժի կիրարկման իր «բուռն» ընդդիմութիւնը՝ «խստօրէն» դատապարտելով զանոնք:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հետզհետէ աւելի կը մեկուսացուի եւ ընդգծեց, թէ Սուրիոյ կողմէ ցուցարարները ճնշելու նպատակով ուժի կիրառումը տկարութեան յստակ ցուցանիշ մըն է։
Քլինթըն նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները Սուրիոյ վրայ ճնշումը բարձրացնելու կարելիութիւնները կը քննարկեն։
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ կարգ մը թաղամասերու ռմբակոծման մասին տեղեկութիւնները՝ յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը «ուժի կիրառումէն ետ կանգնեցնելու եւ քաղաքական երկխօսութեան մղելու միակողմանի ու մեր դաշնակիցներուն հետ հաւաքական աշխատանքները կը շարունակուին»։
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներու ճամբով Սուրիոյ վրայ ճնշումը կը բարձրացնէ եւ աւելցուց. «Սուրիոյ կառավարութեան բացատրուեցաւ, թէ ապահովական ճնշումը կայունութիւնը պիտի չվերահաստատէ եւ բարեփոխումներու պահանջները պիտի չդադրեցնէ»։ Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց, որ Դամասկոս կը շարունակէ բռնի ուժի դիմել եւ մարդկային իրաւունքները բռնաբարելու իր դաշնակիցին՝ Իրանի օրինակին հետեւիլ։
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քաթրին Էշթըն աւստրիական ձայնասփիւռի կայանի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին չբացառեց, որ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցները կրնան ընդարձակուիլ, ներառելով նաեւ Սուրիոյ նախագահը։ «Նախագահ Ասատ ներկայիս (պարժամիջոցներու թիրախ դարձած անձերու) ցանկին վրայ չէ, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ արտաքին գործոց նախարարները այդ հարցը պիտի չքննեն», ըսաւ Էշթըն։