
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Վրաստանի դեսպան Թեմուրի Եաքոպաշվիլիի հետ, քննելով երկկողմանի հետաքրքրութեան նիւթ եղող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Վրաստանի հայկական համայնքին իրավիճակը եւ Վրաստան-Հայաստան յարաբերութիւնները: