Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Հայաստանի Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան, Նոր Կիրակիի օրը՝ Մայիս 1ին, Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Նախ, Խաժակ քհնյ. Շահպազեան կարդաց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կոնդակը՝ Ներսէս Շնորհալիի անուան շքանշանը տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանին շնորհելու մասին, որմէ ետք սրբազան հայրը շքանշանի պարգեւատրումը կատարեց: Ան նաեւ անդրադարձաւ տոքթ. Սիմոնեանի Հայց. եկեղեցւոյ մատուցած երկարամեայ անձնուէր ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄին եւ Թէքէեան մշակութային միութեան:
Սրբազանը նաեւ ողջունեց պատարագիչ առաջնորդը եւ տեղեկութիւններ հաղորդեց Գեղարքունեաց թեմէն ներս արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին: Մարկոս եպս. իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ Արեւմտեան թեմ այցելելու առիթը ընծայած էր իրեն, ապա իր քարոզը փոխանցեց:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա սրբազանը, մասնակցութեամբ ներկայ հոգեւորականներուն, կատարեց Մայր տաճարի նստարաններուն եւ դպրաց դասի չորս խաչերու օրհնութեան արարողութիւնները: Ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց նուիրատուներուն: Այնուհետեւ սարկաւագներու եւ հոգեւորականներու թափօրով, սրբազանը առաջնորդուեցաւ դէպի Մայր տաճարի հիւսիսային կողմը, ուր զետեղուած էր նոր աղբիւր մը, որուն բարերարներն են տէր եւ տիկին Խաչիկ Մատիլեան: Սրբազանը նուիրագործումը կատարեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն:
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն՝ ի պատիւ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանի: Հանդիսավարն էր Ռաֆֆի Քենտիրճեան: Իրենց ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան առաջնորդը, Վաչէ արք. Յովսէփեան, տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան, Ասպետ Համալեան, տոքթ. Միհրան Սիմոնեան եւ Սինան Սինանեան: Ապա, տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ զինք արժանացուցած էր պատուոյ շքանշանին ու հայրապետական օրհնութիւններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս իր կնոջ՝ Լենային, որ միշտ իր կողքին եղած է:
Այս առթիւ սրբազան հայրը ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ ի նպաստ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդարանի վերանորոգման ծախսերուն, 27,000 տոլար հաւաքուած է: