
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի վարչապետարանը Երեքշաբթի, Մայիս 10ին յայտարարեց, թէ ապահովական ուժերը ձերբակալած են Շաբաթ գիշեր 12 զոհ խլած բախումները կազմակերպած անձը։ Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը ձերբակալած է նաեւ դէպքերուն մեղսակից 14 այլ անձեր։
Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ հակաքրիստոնէական ցոյցերէն եւ սպանութիւններէն ետք, ղպտիները Եգիպտոսի իշխանութիւններէն կը պահանջեն խստացնել իրենց ապահովութիւնը երաշխաւորող միջոցառումները։ Իսմայիլիէի ղպտի եպիսկոպոս Մաքարիոս Թուֆիք Իտալիոյ Եպիսկոպոսական խորհուրդի մամլոյ ծառայութեան յայտնեց, թէ մեծ մտավախութիւններ ունի, «որովհետեւ որեւէ երաշխիք չունինք», աւելցնելով, որ «ներքին տագնապները օր ըստ օրէ աւելի վտանգաւոր կը դառնան»։ Անդրադառնալով Գահիրէի մէջ 12 զոհ պատճառած վերջին դէպքերուն՝ ան յայտնեց. «այս դէպքերուն ետին կը կանգնի սալաֆական արմատական հոսանք մը եւ թերեւս նաեւ նախկին նախագահին գաղտնի սպասարկութեան անդամները»։ Ան նշեց, թէ «սալաֆականները սուտ պատմութիւններ հնարեցին, որպէսզի զանոնք իբրեւ պատրուակ օգտագործեն քրիստոնեաներու պաշտամունքի վայրերուն, տուներուն եւ վաճառատուներուն դէմ յարձակում գործելու, զանոնք կողոպտելու եւ քանդելու համար»։ Ան միաժամանակ գոհունակութիւն յայտնեց իսլամական չափաւորական խմբաւորումներուն ցուցաբերած զօրակցութեան համար։
Իր կարգին, Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդէն աղբիւր մը յայտնեց. «Զինեալ ուժերու ղեկավարութիւնը լուծարեալ Ազգային կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ ծրագրուած եւ համայնքային բախումներու ճամբով Եգիպտոսը քաղաքացիական պատերազմի մղելու ծրագիրի մը շուրջ տեղեկութիւններ ունի»։ Աղբիւրը աւելցուց, որ նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի կուսակցութեան ներկայացուցիչները, «կ՛ուզեն յեղափոխութիւնը ձախողութեան մատնել, որպէսզի կարենան իրենց պաշտօններուն վերադառնալ»։