ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ իր շրջանի ընկերներէն, յայտնի հրապարակագիր, «Ալիք» օրաթերթի նախկին խմբագիր, հասարակական գործիչ Նորայր Պահլաւունի մահացած է Երեքշաբթի, Մայիս 3ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Պահլաւունիի կեանքին ու գործունէութեան մասին հանգամանօրէն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն: