
Ինչպէս տօնական այլ առիթներով, նոյնպէս ալ Ս. Յարութեան տօնին, «Արարատ տան» բնակիչ տարեցները անմասն չմնացին Ս. Յարութեան տօնի մթնոլորտէն։ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ «Արարատ տան» Միշըն Հիլզի համալիրի մատրան մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։
Հոգեւորականաց դասը նախ այցելեց հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինը, ուր յատուկ աղօթք կատարեց ու երգեց Ս. Յարութեան տօնի շարականներ. պատսպարեալները Ս. հաղորդութիւն ստացան եւ վերանորոգեցին մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդներուն հետ իրենց հաղորդակցութիւնը։ Առաջնորդ սրբազանը բարեմաղթութիւններ ու շնորհաւորութիւններ ուղղեց պատսպարեալներուն:
Աւելի ուշ, հաստատութեան մատրան մէջ, Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։ Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք, որմէ ետք տարեցները ստացան Ս. հաղորդութիւն։ Զատկուան շարականներու երգեցողութեամբ եւ աւանդական տնօրհնէքի արարողութեամբ, առաջնորդն ու հոգեւոր հայրերը բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին հաստատութեան բնակիչներուն, պաշտօնէութեան եւ տնօրէնութեան, ապա հիւրընկալուեցան ճաշով։
Յայտնենք նաեւ, որ թեմի Երիտասարդացի անդամ-անդամուհիներ Աւագ Շաբաթ, Ապրիլ 23ի առաւօտուն, նոյնպէս այցելեցին Միշըն Հիլզի «Արարատ տուն»ը, եւ շարականներու երգեցողութեամբ, ազգային երգերով ու նուագով եւ բանաստեղծութիւններու արտասանութեամբ ուրախացուցին հայ մամիկներուն ու պապիկներուն սիրտերը։