Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կիրակի, 1 Մայիսի կէս գիշերին, Ուսամա Պըն Լատենի սպանութեան մասին նախագահ Օպամայի զգայացունց յայտարարութիւնը եթէ անմիջականօրէն ուրախութեան ու ինքնագոհութեան ալիքներ յառաջացուց ամերիկեան պետական ու ժողովրդային շրջանակներու մէջ, անիկա նաեւ կասկածանքի ու վերապահութիւն թելադրող մեկնաբանութիւններու եւ արձագանգներու արժանացաւ աշխարհով մէկ, մամլոյ թէ քաղաքական շրջանակներու կողմէ։
Անկախ այն իրողութենէն, որ Ուաշինկթընի կողմէ «աշխարհի թիւ մէկ ոճրագործը» հռչակուած Պըն Լատենի սպանութիւնը շատերու կողմէ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ, այսուհանդերձ, յայտարարութեան պահը, սպանութեան մասին տարածուող տարբերակներն ու շատ մը առնչակից երեւոյթներ յարուցեցին բազմաթիւ հարցականներ։ Նման հարցականներ ու կասկածամիտ մօտեցումներ միշտ ալ կը ստեղծուին վերջին տարիներուն, չըսելու համար՝ տասնամեակներուն, որովհետեւ նկատուած է, որ աշխարհի «մեծերուն» կողմէ որեւէ յայտարարութիւն կամ շռնդալի արարք՝ ունի թաքուն «պոչիկիներ», անմիջապէս կամ որոշ ուշացումով ի յայտ կու գայ, որ տուեալ արարքը ըստ էութեան չէ ծառայած, ոչ ալ նպատակ ունէր ծառայելու այն նպատակին, որուն խորագիրին տակ յայտարարութիւններ կատարուած էին կամ զինուորական գործողութիւններ կ՛իրագործուին։ Յիշենք Իրաքի վրայ յարձակումին ու Սատտամ Հիւսէյնի մահապատիժին օրինակները միայն, մէկդի ձգելով Լիպիոյ Քազզաֆիի դէմ նորագոյն արարքները…
Ուշագրաւ էին Օպամայի յայտարարութեան պահն ու անոր կապուած կարգ մը տեղեկութիւնները։ Նախագահը յայտարարեց, թէ սպանութիւնը տեղի ունեցած է նոյն օրը՝ Կիրակի, սակայն շուտով տեղեկութիւններ տարածուեցան, որոնք այլ բան կը թելադրէին։ Օպամա նաեւ բացայայտեց, թէ ծրագիրը թխսուելու սկսած է գոնէ անցեալ Սեպտեմբերէն ի վեր։ Տակաւին, ի յայտ եկաւ, որ Պըն Լատեն մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր կը բնակէր նոյն վայրը, փաքիստանեան զօրակայանէ մը քանի մը քայլ անդին։ Մի՛ հարցնէք, թէ նման վայրի մը շուրջ քննութիւններն ու հետախուզական աշխատանքները ինչո՞ւ շուրջ 8 ամիս խլած են արդիականութեան այս դարուն։ Այս բոլորը, սակայն, ջուր կը լեցնեն այն ջաղացքներուն, որ Պըն Լատենի մը յայտնաբերումը կրնար որեւէ ժամանակ իրականանալ, հետեւաբար, պէտք է պատասխաններ փնտռել ա՛յն հարցումին, թէ ինչո՞ւ այս հանգրուանին։
Եկէք, հարցերը դիտենք թելադրուած զգացականութենէն դուրս, ժամանակի քիչ մը աւելի լայն շրջանակի մէջ (կարելի է անշուշտ կարկինը տարածել որքան որ ուզենք), եւ արդէն կարգ մը ոլորտներու վրայէն մշուշը կը չքանայ։
Օպամայի ժողովրդականութիւնը մեծ անկում կրած է վերջերս։ Ուրեմն, դրամագլուխը աւելցնելու ճիգը արհամարհելի կէտ չէ։ Շաբաթ մը առաջ, Օպամա պաշտօնապէս բացաւ յառաջիկայ նախագահական իր ընտրապայքարը, որ պիտի կարօտի շուրջ մէկ միլիառ տոլարի։ Եւ ահա, դէպքերու այս հոլովոյթը կարելի է դիտել այն մօտեցումով, որ Պըն Լատեն անուղղակիօրէն մասնակից կը դառնայ Օպամայի… ընտրապայքարին։ Վերջին տասը տարիներուն, ան տարբեր ձեւերով շահագործուած է տարբեր ընտրապայքարներու մէջ։ Ահաւասիկ նոր մըն ալ։ Բնականաբար, այս դէպքը առատ վառելանիւթ կը բերէ զանգուածային մամուլի աղբիւրներուն, որոնք արդէն դիտողներուն գլուխը «ուռեցուցին» պաշտօնական աղբիւրներու հրամցուցած սահմանափակ տեղեկութիւններով, իսկ պակսող բաժինն ալ ամբողջացուցին տասնամեակէ մը ի վեր կուտակուող ժապաւէններու կրկին ու կրկին պատկերասփռումով։ Այդ ալ՝ անոնց դրամագլուխը…
Նախագահը նաեւ շաբաթ մը առաջ կարեւոր փոփոխութիւններ կատարեց պետական կարգ մը կարեւոր դիրքերու վրայ (Սի.Այ.Էյ., պաշտպանութեան նախարարութիւն, առնչակից երկիրներու մօտ դեսպաններ…)։ Նշանակեալներէն մէկ քանին վկայականի կը կարօտին, իսկ Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի տրամադրուող օժանդակութեանց դիտանկիւնէն, եւ ընդհանրապէս «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի գանձարկղը կը կարօտի դիւրին ֆինանսաւորումի միջոցներու։ Վերջերս, հետզհետեէ աւելի հնչեղ կը դառնային այն կոչերը, թէ Աֆղանիստանի ու նման պատերազմներ անվաղորդայն են ու պէտք է վերջ տալ անհարկի մսխումներուն, աւելի՛ հոգածութիւն պէտք է ցուցաբերել կրթական, ընկերային կարիքներուն նկատմամբ։ Այս «սխրագործութենէն» ետք, վաղը, եթէ կրթական ու ընկերային կալուածներուն մէջ պիւտճէական նոր կրճատումներ նետուին շահատուրք վճարողներուս երեսին, մարդիկ համարձակութիւն պիտի ունենա՞ն գանգատելու, որովհետեւ անոնց պիտի պատասխանուի. «Տեսէ՞ք, ձեր վճարած գումարներով մենք ի վերջոյ Պըն Լատեններ կ՛որսանք, ասոնք առանց դրամի չեն ըլլար»։
Պէտք չէ արհամարհել նաեւ այն մտածումը, թէ աւելի քան տասը տարի շահագործումի ենթարկուած Պըն Լատեն «դրամագլուխը» ի վերջոյ օր մը պիտի սպառէր. ուրեմն, սպառած է։ Այլապէս, պէտք է հարց տալ, թէ «մուկի ծակին հազար փարա» տուող Պըն Լատեն մը (զայն այդպէս ներկայացուցած են, չէ՞, պետական սպասարկութիւնները) ինչո՞ւ ամիսներ կամ տարիներ շարունակ անշարժ պիտի մնար մէկ ծակի մէջ, սպասելով, որ ամերիկացի հերոսներ գան եւ զինք սպաննեն…։
Կայ նաեւ յարակից կէտ մը։ Պըն Լատեն խաղաքարտը այլապէս ալ սպառած էր, որովհետեւ ռազմագէտներ ու հնարամիտ քաղաքագէտներ, վերջին ամիսներուն, Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծած են այնպիսի նորութիւններ, որոնք արդարօրէն կը նսեմացնեն «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի հինցող-մաշող խաղաքարտը, գոհացում տալով պատկերասփիւռէն ու պաշտօնական քարոզչութենէն միշտ նորութիւն սպասող «սպառողներուն»։ Թունուզէն սկսած ու Եմէնով, Սուրիայով ու Պահրէյնով զարգացող «հաղորդաշարը» սկսած է շատ աւելի մեծ թիւով հետաքրքիրներ մագնիսացնել։ Վաղը, պէտք է պատրաստուիլ եգիպտական «դրուագ»ի նոր շարքին։ Չէ՞ որ պատկերասփիւռն ու շարժապատկերն ալ նոյնը կ՛ընեն՝ հանդիսատեսները զուարճացնելու եւ զանոնք դէպի իրենց գանձանակները ուղորդելու նպատակով…
Անշուշտ պէտք չէ արհամարհել Պըն Լատեն կոչուած մետալին միւս երեսն ալ։ Թէ՛ նախագահին յայտարարութեան մէջ, եւ թէ մեկնաբաններու տեսակէտով, Պըն Լատենի սպանութիւնը հարցերու աւարտ չի նշանակեր, այլ՝ նոր էջ մը կը բանայ պարզապէս, յղի՝ անբաղձալի զարգացումներով։ Այսինքն, այս դրամագլուխը կրնայ նոր շահարկումներու դուռ բանալ։ Ինչպէս տեսանք, լրատուական մեքենաները ակնթարթ չկորսնցուցին այս իմաստով։ Իսկ սպանեալին դիակին կամ անոր նկարներուն թաքուն պահուիլը ենթադրել կու տայ, որ վաղը անիկա եւս կրնայ յաւելեալ դրամագլուխի վերածուիլ։
…Մեկնաբանութիւնները կրնան երկարիլ ու հատորներ կազմել։ Ուրեմն, սպասենք նորութիւններու, մենք մեզ առայժմ բախտաւոր զգալով։ Ի վերջոյ, ամէն օր պատմակշիռ իրադարձութիւններ չեն պատահիր։
1-2 Մայիս 2011