ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներէն շուրջ շաբաթ մը առաջ, Կիրակի, Ապրիլ 17ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵԴի կազմակերպած «Մէկ ձայն. մէկ նպատակ» հաւաքը՝ ի մի բերելով շրջանի հայութիւնը, անոր երգիչներն ու արուեստագէտները: Ձեռնարկին նպատակն էր ցոյց տալ, թէ հայութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել ու աճիլ, հակառակ Ցեղասպանութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին ՀԵԴի խօսքը փոխանցեցին Դրօ Գրիգորեան ու Սանան Շիրինեան:
Ելոյթներ ունեցան երգիչներ Յարութ Փամպուքճեան, Արմէն Մովսիսեան, Արմէն Ալոյեան, Ռազմիկ Մանսուրեան, Յարութ Յակոբեան, Ռաֆֆի Սեմերճեան, Գարմէն Աճէմեան եւ «Պէյ Ռու»: Տեղի ունեցաւ նաեւ արուեստի գործերու եւ լուսանկարներու ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկին ամբողջ տեւողութեան, սահիկներով ցուցադրուեցան վերապրողներու նկարներ, անոնց պատմութիւններն ու Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող պատգամներ, որոնք գրի առնուած էին համայնքի անդամներուն կողմէ: