Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Հայաստանի Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան պիտի այցելէ Արեւմտեան թեմ: Հիւր հոգեւորականը Կիրակի, Մայիս 1ին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Պատարագի ընթացքին, առաջնորդը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պիտի պարգեւատրէ թեմէն ներս երկարամեայ ծառայութիւն մատուցող տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանը: Հիւր առաջնորդը Մայիս 8ին պիտի պատարագէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Մայիս 15ին՝ Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Սան Ֆրանսիսքոյի եկեղեցւոյ «քոյր եկեղեցի»ն է Գեղարքունեաց թեմի Սիսիանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, իսկ Ֆրեզնոյի եկեղեցին նիւթապէս կ՛օժանդակէ Գեղարքունեաց թեմի Ծովինար գիւղի կիրակնօրեայ վարժարանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.