ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնը, գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր Պահոց օրերուն հայրենակիցները մէկտեղել սեղաններու շուրջ, պահ մը ապրելու համար անցեալի զատկական յիշատակներով, միաժամանակ վայելելու Մուսա Լերան ժողովուրդին աւանդական ճաշերը՝ «խըտրը ապեր», «քամանը գըլէուր», «ձիթը բիկէյղ»ն ու «պանրը հէուց»ը, ինչպէս նաեւ «կարմեր հաւկութու կըրվանէյլ»:
Հաւկթամարտ-հաւաքաճաշը (փաթ-լաք) տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 15ի երեկոյեան, ժամը 6ին, Հայ Երիցական Առաջին եկեղեցիին փոքր սրահին մէջ, աւելի քան 50 մուսատաղցիներու ներկայութեամբ: Ուրախալի եւ քաջալերելի երեւոյթ էր Մուսա Լեռ բարձրացած մուսալեռցիին կողքին բազմած տեսնել մուսալեռցի նորահաս սերունդի ներկայացուցիչները, ժպիտը շրթներուն, իսկ աչքերուն մէջ՝ ապագայի յղի տեսլականներ: Այս երեւոյթը հպարտանք կը պատճառէ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին ու կը գործեն՝ իրենց սրտերուն մէջ կրելով Մուսա Լեռ մը կամ Սօսիի ծառէն անուշ յուշեր:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Ճորճ Քերքեզեան: Իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, ան ուրախութիւն յայտնեց այսքան մեծ թիւով մասնակիցներուն եւ մանաւանդ նոր սերունդի ներկայութեան համար, որոնք սիրայօժար ընդառաջած էին վարչութեան հրաւէրին: Խօսք առաւ նաեւ վարչութեան ատենադպիր Մարտիկ Չանչանեան. ան ալ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ըսաւ. «Մեզի համար մեծ անակնկալ է, որ այսօր մեր մէջ կը գտնուին նոր մուսալեռցիներ, ինչպէս նաեւ Գաբրիէլ Բրինճեանը, որ միշտ թիկունք կանգնած է վարչութեան աշխատանքներուն: Բինճեանի կը պարտինք ամէն տարի Մուսա Լերան տօնակատարութեան վայրին ապահովումը: Ջնջին գումար մը վճարելով միայն՝ անոր միջոցով արտօնութիւն ստացանք նոր ծառեր տնկելու տօնակատարութեան անտառին մէջ»:
Ներկաները «համով-հոտով» ճաշակելէ ետք Մուսա լերան աւանդական ճաշերը, պարտէզին մէջ ներկայ գտնուեցան փոքրիկներուն հաւկթահաւաքի խաղին, որ կազմակերպուած էր երիտասարդ մուսալեռցիներուն կողմէ, փոքրիկները ուրախացնելու համար:
Ապա սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կարմիր հաւկիթներով հաւկթամարտը, որ իրապէս հաճելի էր իր ստեղծած մթնոլորտով եւ ապրումներով, որոնք քեզ կը տանին դէպի երիտասարդութիւն, Մուսա Լեռ, Այնճար եւ այլուր: Կ՛ըսեն, թէ անցեալի յուշերը քեզ կ՛երիտասարդացնեն… ճի՛շդ է:
Ուրբաթ երեկոյեան, իրապէս ուրախալի երեւոյթ էր. հակառակ գործի օր ըլլալով, մեծ թիւով մուսալեռցիներ ներկայ էին եւ վայելեցին աւանդական ճաշերը:
Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք ճաշերը պատրաստողներուն, խոստացաւ յաճախակի նման հանդիպումներ կատարել:
Զատկական բարի մաղթանքներով ներկաները ձգեցին սրահը: