ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդը, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Նոյեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուան Մարտ ամիսներուն, Քալիֆորնիոյ հայ աշակերտներուն համար կը կազմակերպէ մրցումներ (ՔԱՀԱՄ)՝ պասքեթպոլի, ոտնագնդակի (սաքըր), փինկ-փոնկի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլեթի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ:
Անկասկած, որ այս մէկը իբրեւ գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մէջ արմատացնել մրցակցութեան ոգին: Միաժամանակ, այս մրցումներուն մասնակցող հայ երկսեռ աշակերտութիւնը կը ծանօթանայ ՀՄԸՄին ու անոր առաքելութեան:
ՔԱՀԱՄի միջոցաւ, հայ մարմնակրթական այս միութեան աշխատանքը մեծապէս կը նպաստէ հայակերտումի ազգային մեր բոլոր ճիգերուն՝ մեր մատղաշ սերունդը մղելով ծառայելու հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:
Անցնող երկու տասնամեակներուն, հրաւէրներ յղուած են շրջանի հայկական բոլոր վարժարաններուն անխտիր, որպէսզի իրենց աշակերտներով մասնակից դառնան այս գեղեցիկ ու հետաքրքրական մրցումներուն:
Նոյն նպատակէն մեկնած՝ այս տարի եւս, ՔԱՀԱՄի ամէնամեայ 27րդ մրցումներուն ընդառաջած էին 12 հայկական վարժարաններ եւ պետական վարժարաններու հայ աշակերտներէ կազմուած խումբ մը, որոնք խաղերուն մասնակցեցան Ա.էն մինչեւ Ը. կարգերու իրենց երկսեռ աշակերտներով:
Պէտք է ուրախութեամբ շեշտել, թէ այս տարի առաջին անգամն ըլլալով, այս խաղերուն ցանկին վրայ աւելցած էր հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներէ կազմուած մարզական խումբ մը:
ՔԱՀԱՄի կազմակերպիչ յանձնախումբը յոյսով է, որ յաջորդող տարիներուն նման խումբերուն թիւը բազմապատկուի եւ այս ձեւով հայ աշակերտներուն կապը աւելի ամրանայ:
Այս տարի ՔԱՀԱՄի մրցումներուն մասնակցեցան հետեւեալ 12 վարժարանները՝ իրենց երկսեռ խումբերով.
1. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարան (Հոլիվուտ-Փոքրիկ Հայաստան)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1969
Մարզական պատասխանատու՝ Սարգիս Պալեան
Մասնակցած է 10 պասքեթի, 2 վոլիպոլի, 6 ոտնագնդակի (սաքըր) խումբերով եւ 39 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
2. Ա. Կ. Մինասեան վարժարան (Սանթա Անա, Օրենճ Քաունթի)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1986
Մարզական պատասխանատու՝ Նազօ Տիշոյեան
Մասնակցած է 1 պասքեթի, 2 ոտնագնդակի խումբերով եւ 6 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
3. Հայ Քոյրերու վարժարան (Լա Քրեսենթա)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1985
Մարզական պատասխանատու՝ Ժանեթ Փանոսեան
Մասնակցած է 9 պասքեթի խումբերով, 3 փինկ-փոնկի եւ 34 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
4. Արշակ Տիգրանեան վարժարան (Հոլիվուտ)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1981
Մարզական պատասխանատու՝ Ռուտի Ռամի
Մասնակցած է 2 պասքեթի, 2 ոտնագնդակի խումբերով, 10 փինկ-փոնկի եւ 21 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
5. Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան (Քանոկա Փարք)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1976
Մարզական պատասխանատու՝ Տիգրան Էքիմեան
Մասնակցած է 13 պասքեթի, 5 վոլիպոլի, 11 ոտնագնդակի խումբերով, 21 փինկ-փոնկի եւ 66 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
6. Մեսրոպեան վարժարան (Մոնթեպելլօ)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1965
Մարզական պատասխանատու՝ Կարօ Պալիքեան
Մասնակցած է 2 պասքեթի, 1 վոլիպոլի, 3 ոտնագնդակի խումբերով, 2 փինկ-փոնկի եւ 5 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
7. Շ. Է. Մերտինեան վարժարան (Շըրմըն Օքս)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1982
Մարզական պատասխանատու՝ Մայք Թիլքեան
Մասնակցած է 4 պասքեթի, 2 վոլիպոլի խումբերով եւ 22 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
8. Մխիթարեան վարժարան (Թահանկա)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1979
Մարզական պատասխանատու՝ Սեզար Գալուստեան
Մասնակցած է 34 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
9.- Յովսէփեան վարժարան (Փասատինա)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1984
Մարզական պատասխանատու՝ Զարեհ Մանուկեան
Մասնակցած է 5 պասքեթի, 4 վոլիպոլի խումբերով, 7 փինկ-փոնկի եւ 17 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
10. Վ.Ա. Շամլեան վարժարան (Լա Քրեսենթա)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1975
Աղջիկներու մարզական պատասխանատու՝ Այրին Նիկողոսեան
Մանչերու մարզական պատասխանատու՝ Վասակ Շէրպէթճեան
Մասնակցած է 14 պասքեթի, 4 վոլիպոլի, 8 ոտնագնդակի խումբերով, 52 փինկ-փոնկի եւ 69 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
11. Սահակ-Մեսրոպ վարժարան (Փասատինա)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1980
Մարզական պատասխանատու՝ Ճագ Տապպաղեան
Մասնակցած է 9 պասքեթի, 2 վոլիպոլի, 2 ոտնագնդակի խումբերով եւ 9 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
12. Ֆերահեան վարժարան (Էնսինօ)
Հիմնադրութեան թուական՝ 1964
Մարզական պատասխանատու՝ Վարանդ Վարդապետեան
Մասնակցած է 15 պասքեթի, 3 վոլիպոլի, 7 ոտնագնդակի խումբերով, 3 փինկ-փոնկի եւ 54 թեթեւ աթլեթի աշակերտներով:
ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Ծրագրուած մարզական այս մրցումները, որոնք սկիզբ առած էին 2010ի Նոյեմբերին, պաշտօնապէս եզրափակուեցան փակման յատուկ հանդիսութեամբ, Կիրակի Մարտ, 27ին, կ.ե. ժամը 4ին, Կլենտէյլի «Stengel Field» մարզադաշտին վրայ:
Հանդիսութեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գօգօ Պալեանի, շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի եւ իր բոլոր գործընկերներուն կողքին, ներկայ էին Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի նախկին արտօնատէր եւ ազգային գործիչ Ալպեր Աճէմեան եւ իր կինը, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեան, ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի անդամներ՝ Գօգօ Թօփալեան եւ Յարութ Տօնոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, ՀՄԸՄի Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերու վարչական կազմեր ու անդամներ, ՔԱՀԱՄի խաղերուն մասնակցող վարժարաններու տնօրէն-տնօրէնուհիներ, վարժարաններու մարզիչներ եւ ուսուցչական կազմեր, բազմաթիւ հիւրեր, ՀՄԸՄականներ, ծնողներ եւ խաղերուն մասնակցող հարիւրաւոր հայ երկսեռ աշակերտներ:
Օրուան խօսնակներն էին Նորա Չափարեան (հայերէնով) եւ Նարեկ Մեծաչեան (անգլերէնով), որոնք ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին սոյն մրցաշարքին մասնակցող աշակերտներուն, ու յատկապէս անոնց վարժարաններու մարզիչներուն, տնօրէններուն եւ ծնողներուն: Երկու հանդիսավարներն ալ նախ վեր առին ՀՄԸՄի նպատակն ու առաքելութիւնը այս ափերուն եւ ներկայացուցին տուեալներ այս մեծ ընտանիքին մասին: Անոնք շեշտեցին, որ այս մարզախաղերը լոկ ժամանցի համար չէին, այլ իբրեւ գլխաւոր նպատակ ունէին մէկ դրօշի տակ համախմբել շրջանի հայ վարժարաններու աշակերտները, մարզական առողջ մթնոլորտի մը մէջ: «Մեր նպատակն է շրջանի հայ աշակերտութեան «առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ» նշանաբանը իրագործել՝ հայեցի դաստիարակութեամբ», ըսին անոնք:
ՀՄԸՄը, իր անխաբան աշխատանքով, վերջին 26 տարիներուն իսկապէս ամրապնդեց տուն, դպրոց եւ հայ կազմակերպութիւն կապը, միաժամանակ նոր սերունդին մէջ արմատացուց մրցակցութեան ոգին եւ զանոնք ծանօթացուց ՀՄԸՄի առաքելութեան:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» եւ Լա Քրեսենթայի «Շան»չ մասնաճիւղերու սկաուտներով, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան նուագախումբին՝ եղբ. Ոսկան Արիսեանի ղեկավարութեամբ:
Ապա իրենց վարժարանին անունը կրող ցուցատախտակով, տողանցելով հպարտօրէն դաշտ մուտք գործեցին ՔԱՀԱՄի մրցումներուն մասնակցող վարժարաններու աշակերտները՝ ծնողներու խանդավառ ծափահարութիւններուն ներքեւ: Խօսնակները յայտարարեցին վարժարաններուն անունները եւ տուին որոշ տեղեկութիւններ անոնց մասին:
Մարզադաշտին վրայ իւրաքանչիւր վարժարան իր անունը կրող հսկայ պաստառին տակ տեղ գրաւելէ ետք, ամպիոն հրաւիրուեցաւ շրջանի 36րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Դաւիթեան, որ երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք, մեծապէս գնահատեց այս մրցումներուն բոլոր մասնակիցներն ու անոնց պատասխանատուները: Ապա պատասխանատու Դաւիթեան հրապարակեց Նաւասարդեան խաղերու ժամանակացոյցը: Այսպէս՝
– Կիրակի, Մայիս 15ին տեղի պիտի ունենայ սոյն խաղերու պաշտօնական բացումը կ.ա. ժամը 11ին, Birmingham High School-ի մարզադաշտին վրայ:
– Միջ-մասնաճիւղային զանազան մրցախաղերը, մասնակցութեամբ 17 մասնաճիւղերու, կը սկսին Մայիսի սկիզբին եւ կը շարունակուին մինչեւ Յունիսի վերջը:
– Շաբաթ, Յունիս 25ին՝ «Յաղթանակի պարահանդէս», «CBS Studios»:
– Նաւասարդեան փառատօնը (ֆեստիվալ)՝ Հինգշաբթի Յունիս 30էն մինչեւ Կիրակի, Յուլիս 3, իսկ վերջին օրը՝ խաղերու փակման հանդիսութիւն եւ աւանդական տողանցք:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան անդամ եւ շրջանային մարզական խորհուրդի պատասխանատու Ալեք Արարատեան, որ իր սրտի խօսքէն ետք շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները:
Յանուն ՔԱՀԱՄի մասնակցող վարժարաններու տնօրէններուն, խօսք առաւ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան, որ նախ շնորհաւորեց մրցումներուն մասնակցող աշակերտները եւ բարձր գնահատեց անոնց ծնողներուն այս առթիւ ցուցաբերած պատրաստակամութիւնն ու համբերատարութիւնը: Անդրադառնալով մրցումներուն եւ զանոնք կազմակերպող միութեան ջանքերուն՝ տնօրէն Շանլեան անձնապէս վկայեց ՀՄԸՄի նման կազմակերպութեան մը անգնահատելի ծառայութիւնը ազգին ու ժողովուրդին:
Ալեք Արարատեան այս առթիւ յուշտախտակ մը յանձնեց տնօրէնուհի Շանլեանին:
Ապա հրաւիրուեցան ՔԱՀԱՄի 27րդ տարեկան մրցումներուն մասնակցող վարժարաններու տնօրէնները, որպէսզի անոնց ներկայութեան յանձնուին յիշատակի մետալներն ու յաղթանակի բաժակները, որմէ ետք մէկ առ մէկ յաղթական խումբերուն յանձնուեցան բաժակները, ներկաներու խանդավառ ծափողջիւններով:
Աւարտին, տէր Արտակ հրաւիրուեցաւ ամպիոն եւ փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը: Տէր հայրը, ի տես հայ աշակերտութեան խանդավառ ներկայութեան, շնորհաւորեց անցնող ամիսներուն ընթացքին ՔԱՀԱՄի մրցումներուն մասնակցող աշակերտները ու ջերմօրէն գնահատեց աջակցութիւնն ու զոհաբերութիւնը անոնց ծնողներուն, որոնք մեծ դեր ունեցած էին մրցաշարքի յաջողութեան մէջ, միաժամանակ այս առթիւ փոխանցելով սրբազան հօր հայրական օրհնութիւնները:
Անկասկած, որ նման աշխատանքներու իրականացումը կախեալ է համագործ ոգիէն, որ կ՛ապահովէ շինիչ ու սերտ մթնոլորտ:
Ստորեւ՝ վարժարաններուն ձեռք ձգած արդիւնքները.
Պասքէթ Մանչեր
1- D դասակարգ (7 եւ 8րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Շամլեան
Բ. Սահակ-Մեսրոպ
Գ. Ֆերահեան եւ Հայ Քոյրեր
2- D lower դասակարգ (7 կարգ)
Ա. Ալեք Փիլիպոս
Բ. Ֆերահեան
Գ. Հայ Քոյրեր
3- E upper դասակարգ (6րդ կարգ)
Ա. Ֆերահեան
Բ. Շամլեան
Գ. Ալեք Փիլիպոս եւ Մերտինեան
4- E դասակարգ (5 եւ 6րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Սահակ-Մեսրոպ
Բ. Մեսրոպեան
Գ. Յովսէփեան եւ Մերտինեան
5- E lower դասակարգ (5րդ կարգ)
Ա. Շամլեան
Բ. Ֆերահեան
Գ. Մանուկեան եւ Հայ Քոյրեր
6- F upper դասակարգ (4րդ կարգ)
Ա. Ֆերահեան
Բ. Շամլեան
Գ. Մանուկեան
7- F lower դասակարգ (3 -4րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Ալեք Փիլիպոս
Բ. Ա. Տիգրանեան
Գ. Յովսէփեան եւ Սահակ-Մեսրոպ
8- F lower դասակարգ (3րդ կարգ)
Ա. Ֆերահեան 2
Բ. Շամլեան
Գ. Ֆերահեան 1 եւ Հայ Քոյրեր
9- G upper դասակարգ (2րդ կարգ)
Ա. Մանուկեան, Ալեք Փիլիպոս, Շամլեան, Ֆերահեան 1, Հայ Քոյրեր, Ֆերահեան 2
10- G դասակարգ (1-2րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մերտինեան, Սահակ-Մեսրոպ, Յովսէփեան, Տիգրանեան
11- G lower դասակարգ (Ա. կարգ)
Ա..- Ալեք Փիլիպոս, Շամլեան, Ֆերահեան, Մանուկեան
Պասքէթ աղջիկներ
1- D դասակարգ (7 եւ 8րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մանուկեան
Բ. Սահակ-Մեսրոպ
Գ. Շամլեան եւ Հայ Քոյրեր
2- E դասակարգ (5 եւ 6րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Շամլեան
Բ. Մանուկեան
Գ. Հայ Քոյրեր եւ Ֆերահեան
3- E lower դասակարգ (5րդ կարգ)
Ա. Ֆերահեան
Բ. Շամլեան
Գ. Մանուկեան եւ Սահակ-Մեսրոպ
4- F դասակարգ (3 եւ 4րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Շամլեան 1
Բ. Ֆերահեան
Գ. Մանուկեան եւ Ալեք Փիլիպոս
4- F դասակարգ (3 եւ 4րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Շամլեան 1
Բ. Ֆերահեան
Գ. Մանուկեան եւ Ալեք Փիլիպոս
5- F lower դասակարգ (3րդ կարգ)
Ա. Սահակ-Մեսրոպ
Բ. Շամլեան 2
6- E դասակարգ (Ա. եւ Բ. կարգեր՝ խառն)
Ա. Ալեք Փիլիպոս, Շամլեան 1, Ֆերահեան, Հայ Քոյրեր, Սահակ-Մեսրոպ, Յովսէփեան, Շամլեան 2
Ոտնագնդակ մանչեր
1- D դասակարգ (7-8րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Շամլեան
Բ. Ալեք Փիլիպոս
Գ. Մանուկեան եւ Ֆերահեան
2- E դասակարգ (5-6րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մանուկեան
Գ. Շամլեան
Գ. Ալեք Փիլիպոս
3- E lower դասակարգ (5րդ կարգ)
Ա. Շամլեան 1
Բ. Ֆերահեան 1
Գ. Ֆերահեան 2 եւ Մանուկեան
4- F դասակարգ (3-4րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մանուկեան
Բ. Սահակ-Մեսրոպ
Գ. Ֆերահեան եւ Շամլեան
5- F lower դասակարգ (3րդ կարգ)
Ա. Մանուկեան
Բ. Շամլեան
Գ. Ֆերահեան եւ Մինասեան
6- G upper դասակարգ (2րդ կարգ)
Ա. Ալեք Փիլիպոս
Բ. Շամլեան
Գ. Ֆերահեան եւ Մանուկեան
7- G դասակարգ (Ա. եւ Բ. կարգեր՝ խառն)
Ա. Մինասեան
Բ. Մեսրոպեան
Գ. Տիգրանեան
7- G upper դասակարգ (Ա. կարգ)
Ա. Ալեք Փիլիպոս, Շամլեան, Ֆերահեան, Մանուկեան 1, Մանուկեան 2
Ոտնագնդակ աղջիկներ
1- D դասակարգ (7-8րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մանուկեան
Բ. Շամլեան
Գ. Ալեք Փիլիպոս
2- D lower դասակարգ (6-7րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մեսրոպեան
Բ. Մանուկեան
Վոլիպոլ մանչեր
1- D դասակարգ (7-8րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Շամլեան
Բ. Յովսէփեան
Գ. Մերտինեան
2- E դասակարգ (5-6րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Յովսէփեան
Բ. Մանուկեան
Գ. Մերտինեան
Վոլիպոլ աղջիկներ
1- D upper դասակարգ (7-8րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մանուկեան
Բ. Շամլեան
Գ. Ֆերահեան եւ Ալեք Փիլիպոս
2- D lower դասակարգ (5րդ եւ 7րդ կարգեր՝ խառն)
Ա.- Մեսրոպեան
Բ.- Մանուկեան 2
3- E upper դասակարգ (5 եւ 6-րդ կարգեր՝ խառն)
Ա. Մանուկեան
Բ. Յովսէփեան
Գ. Ֆերահեան եւ Սահակ-Մեսրոպ
4- E lower դասակարգ (5րդ կարգ)
Ա. Մանուկեան
Բ. Ֆերահեան
Գ. Շամլեան