
– Մարոքի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ին, Մարաքեշի մէկ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումը «ահաբեկչական ոճրային արարք» մըն էր։ Պայթումին պատճառով արձանագրուած է առնուազն 18 զոհ եւ 20 վիրաւոր, մեծամասնութեամբ՝ եւրոպացիներ։ Կասկածներ կան, որ անձնասպանութեան դիմած անձ մը իրագործած էր յարձակումը:
– Եմէնի ընդդիմութիւնը Հինգշաբթի օր կառավարութիւնը զգուշացուց, թէ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն դէմ բռնարարքները կրնան վիժեցնել քաղաքական անել կացութեան լուծման ձգտող համաձայնութիւնը։ Չորեքշաբթի օր Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ 12 ցուցարարներ սպաննուած էին։ Կը նախատեսուի, որ Եմէնի իշխանութեանց եւ ընդդիմութեան միջեւ համաձայնագիրը ստորագրուի Կիրակի օր, Ռիատի մէջ։
– Ատրպէյճանի ընդդիմադիրներու կողմէ Ապրիլ 17ին Պաքուի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասին յայտագիրի մը մէջ, «Պի.Պի.Սի.»ն կը յայտնէ, թէ քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանի մէջ հարստութիւնը կեդրոնացած կը մնայ փոքրաթիւ խումբի մը ձեռքերուն մէջ։ «Հակառակ անոր, որ արեւմտեան երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ կոչ կ՛ուղղեն ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարելու, իշխանութիւնը կ՛անտեսէ այդ պահանջները եւ Ատրպէյճանը կը ղեկավարէ երկաթեայ բռունցքով», կ՛եզրակացնէ կայանը։
– Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ այս տարուան առաջին եռամսեակին, Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսութիւնը միայն 1.8 տոկոսով աճ արձանագրած է, նախորդ եռամսեակին արձանագրուած 3.1 տոկոսին փոխարէն:
– 2000էն 2010ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու ինքնաշարժներու արտադրութեան կեդրոնը հանդիսացող Տիթրոյիթի բնակչութիւնը 25 տոկոսով նուազած է՝ իջնելով 713,777ի, ինչ որ քաղաքի բնակչութեան նուազագոյն թիւն է վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին:
– Ըստ «Հարփըրզ» ամսաթերթին, մինչ Ծերակոյտի ռազմական սպասարկութեան յանձնախումբի անդամ ծերակուտականներուն պաշտօնեաները իրաւունք չունին 48,096 ընկերութեանց բաժնետոմսերէն գնելու, ծերակուտականները կրնան գնել այդ բաժնետոմսերէն: