
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 17ին, յաջորդական վեցերորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած արիւնարշաւը, որ իրականացաւ շնորհիւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շաբթուան յանձնախումբին, Ամերիկեան Կարմիր խաչին, Կլենտէյլի ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղին ու ՀԵԴի ուխտին ցուցաբերած համագործակցութեան:
Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու համար կազմակերպուած այս արիւնարշաւին ընթացքին հաւաքուած արիւնէն պիտի օգտուի աւելի քան 150 հոգի:
Արիւնարշաւը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, իսկ նուիրատուներու շարքին էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Լաուրա Ֆրիտմըն, քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբէն անդամներ, ՀՄԸՄ «Արարատ»ի ու ՀԵԴի վարչականներ: