ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Աւանդութիւն դարձած է Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս «Արարատ տան» կազմակերպած հայոց պատմութեան մրցումին պատրաստուիլն ու մասնակցիլը։ Եօթներորդ դասարանի աշակերտները արդէն իսկ տարուան վերջաւորութեան կը սկսին հետաքրքրութիւն ցոյց տալու եւ առնչուելու այս ծրագիրին, որովհետեւ այս մրցումը իրենց հայերէն լեզուի ծրագիրին մէջ ներկայացող մարտահրաւէրներէն մէկն է՝ աշակերտին ապահովելով նոր փորձառութիւն։ Այս տարի եւս, 12րդ տարին ըլլալով, կազմակերպուած էր այս օգտակար եւ ուսանելի ծրագիրը՝ ի մի բերելով Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններու Ը. կարգի աշակերտները։
Կիրակի Ապրիլ 10ին, «Արարատ տան» «Տէօքմէճեան» սրահը կը խայտար խոստմնալից պատանիներով։ Եօթը հայկական վարժարաններէ 28 պարման-պարմանուհիներ, յաղթանակի ձգտումով հաւաքուած էին հոն, խիստ լրջութեամբ։ Անոնք պատրաստ էին պեղելու հայոց պատմութեան ոլորտները։ Ծնողք, ուսուցիչ, երկուստեք ակներեւ էր գոհունակութիւնը… Հպարտութիւն էր զիրենք դիտել, որպէս գալիք սերունդ եւ ապահով զգալ ի տես այս պատրաստուած եւ պատրաստակամ մատղաշ սերունդին։
Ամբողջ երկու ժամ, այս մտային մարզանքն ու մրցումը շարունակուեցաւ: Տիկ. Արշակունի կը հարցնէր հարցումները եւ ապա կը բացատրէր՝ անոնց տալով պատասխաններ եւ սպառիչ բացատրութիւն իւրաքանչիւրին, իսկ «Արարատ տան» կամաւորները մեծ աչալրջութեամբ կը հետեւէին մասնակցողներուն:
Հայ Քոյրերու վարժարանէն մասնակցեցան չորս աշակերտներ՝ Ալեք Քիլիսեան, Գէորգ Արապեան, Նարեկ Պուլտուգեան եւ Շահէ Գազազեան. յոյժ գնահատելի են անոնք. հսկողութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին՝ Լինտա Գանտիլեանին, անոնք իրենց ազատ ժամերը տրամադրեցին հայոց պատմութեան յատկանշական եւ անկիւնադարձային թուականներն ու դէպքերը սորվելու: Խումբէն Ալեք Քիլիսեան, մրցումէն քանի մը օր առաջ արկածով մը թեւին ոսկորները կոտրած էր, սակայն վճռակամութեամբ ներկայացաւ՝ խումբին տրամադրութիւնը բարձր պահելով: Անոնք կրցան իրենց աշխատանքին արդիւնքը քաղել եւ եօթը վարժարաններու մէջ երկրորդ դիրքը գրաւել։
Մասնակցող աշակերտները պարգեւատրուեցան վկայագիրներով, նուէրներով, կրծքանշաններով եւ իրենց վարժարաններուն ապահովեցին նիւթական նուէրներ։
Յաջորդ օրը, վարժարանիս առաւօտեան արարողութեան ընթացքին, չորս աշակերտները մեծարուեցան իրենց տնօրէնուհիին՝ քոյր Լուսիային կողմէ, ոչ միայն իրենց այս յաղթանակին, այլ նաեւ իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութեան համար՝ բարի օրինակ դառնալով բոլոր աշակերտներուն, մանաւանդ Է. կարգին, որ յաջորդ տարուան մրցումին կը պատրաստուի։
Ապրիք տղաք. կը շնորհաւորենք ձեզ։ Մեզի համար ուրախութիւն էր տեսնել ձեր դէմքերու յաղթական ժպիտը։ Այս պիտի ըլլայ ձեր կեանքի օրինակելի փորձառութիւններէն մէկը, եւ ձեր կեանքի նշանաբանը պիտի դառնայ՝ «Ձգտիլ բարձրին եւ ջանալ ամէն գնով ձեռք ձգել զայն»։
Որպէս հայ լեզուի ուսուցիչ, ես կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել մասնակցող աշակերտներու ծնողներուն, որոնք քաջալերեցին իրենց զաւակները եւ օգնեցին անոնց: Նաեւ երախտապարտ եմ «Արարատ տան» եւ մասնաւորաբար տէր. եւ տիկ. Արշակունիներուն, որոնք մղիչ ուժն են այս մեծ գործին: Շնորհակալութիւն բոլոր կամաւորներուն, որոնց զոհողութեամբ կ՛իրականանայ ամէն տարի այս ձեռնարկը։ Կը մաղթենք, որ ծրագիրը ի մի կը բերէ ոչ միայն հայկական վարժարաններու հայ աշակերտները, այլ նաեւ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտները։ Մեծագոյն շնորհակալութիւնը կ՛երթայ հայերէն լեզուի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որոնք հաւատարիմ իրենց կոչումին՝ ծանր աշխատանքներու կողքին յանձն կ՛առնեն նաեւ ա՛յս մէկը յաջողեցնել՝ տեսնելով «վաղուան արշալոյսը» իրենց աշակերտներու աչքերուն մէջ։ Վարձքդ կատար սերմնացան…