
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ, աւելի քան հինգ հազար հայորդիներ բողոքի ցոյց կատարեցին՝ թրքական կառավարութենէն պահանջելով ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տալ հայ ժողովուրդին:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցի ամբողջ ընթացքին, երիտասարդները բարձրաձայնեցին պահանջատիրական լօզունգներ, որոնք ոգեւորութեամբ արձագանգուեցան ցուցարարներուն կողմէ:
Ոստիկանութիւնը, որուն պաշտօնական տուեալներուն համաձայն ցոյցի մասանկցողներու թիւը չորս հազար էր (ոստիկանութիւնը միշտ միտում ունի բողոքի ցոյցերու մասնակիցներու թիւը քիչ ներկայացնելու), աստիճանաբար աւելցող ժողովուրդի ճնշման տակ, պարտաւորուեցաւ բանուկ Ուիլշըր պողոտային մէկ մասը եւս տրամադրել ցուցարարներուն:
Ցոյցի աւարտին տեղի ունեցաւ քաղաքական հաւաք: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ խօսք առաւ Արտա Հացպանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ցոյցին մասնակցողներուն, որոնք Ս. Յարութեան տօնին իսկ ընդառաջեցին երիտասարդութեան կոչին ու միացան իրենց պահանջատիրական միջոցռումին:

Հացպանեան ապա բարձրախօսը յանձնեց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներէն Դրօ Գրիգորեանին, որ փոխանցէ օրուան պատգամը՝ հայերէնով:
«Հայկական Հարցը ցեղասպանութեամբ սկիզբ չառաւ, սակայն կոտորածը նոր իրավիճակ ստեղծեց պահանջատիրական շարժումին՝ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դնելով զայն», յայտարարեց Գրիգորեան: Ան անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական դիրքորոշումին, յայտնեց, որ «դժբախտաբար մենք կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որուն բառարաններուն մէջ մարդկային արդարութիւնը կը դիտուի միմիայն քաղաքական շահերու հետապնդման տեսանկիւնէն»:
«Այս երկրի կառավարութիւնը ունի մեծ վախ, որ անհամեմատ է իր ուժին ու կարողութեան», յայտնեց Գրիգորեան, աւելցնելով, որ «ԱՄՆի կառավարութիւնը նոյնքան յանցաւոր է, որքան Թուրքիան՝ եթէ ոչ աւելի։ Ուրացումով, ոչ միայն ան կ՛ոտնակոխէ մեր արդար իրաւունքները, այլեւ կը քաջալերէ տարբեր երկիրներ որ հետեւին իրեն եւ նոյնպէս անտեսեն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը»:
Գրիգորեան յայտարարեց, որ եթէ Եղեռնի շրջանի մտաւորականներէն Սիամանթօն այսօր ողջ ըլլար, պիտի արտասաներ մէկ խօսք. «Ո՛վ Միացեալ Նահանգներու քարոզած մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ ես թքնեմ քու ճակատին»:
«Մեր գոյատեւումի փաստը աննախընթաց պատկեր մըն է պատմութեան էջէրուն մէջ, պայքարելով է որ ապրած ենք, պայքարելով է որ գոյատեւած ենք, եւ միմիայն պայքարելով է որ պիտի հասնինք մեր նպատակին», եզրակացուց Գրիգորեան:
Կրակոտ ելոյթով (անգլերէնով) հանդէս եկաւ նաեւ ՀԵԴի անդամ, «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի ուսանող Ռազմիկ Սարգիսեան, որ յայտարարեց, թէ արագ հաղորդակցութեան միջոցներով հարուստ այս դարուն, հայ երիտասարդութիւնը իր կրթութեամբ, իր վճռականութեամբ ու իր հետեւողականութեամբ պիտի պայքարի ճնշելու թրքական կառավարութիւնը, որ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ արդար հատուցում տայ հայ ժողովուրդին:
Ոչ մէկ բան վերջնական չէ ու մենք պէտք է որոշենք մեր ապագան, յայտարարեց Սարգիսեան, կոչ ուղղելով երիտասարդութեան յաւելեալ կորովով ու նուիրումով շարունակել պայքարը մինչեւ որ նոր իրականութիւնը պարտադրուի Թուրքիոյ:
Քաղաքական հաւաքը աւարտեցաւ հայր Պարթեւ Կիւլումեանի կողմէ կատարուած աղօթքով, մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին՝ հոգեհանգստեան արարողութեամբ: