
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացը խթանելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգելու նպատակով ստեղծուած է պետական յանձնաժողով մը, եւ հաստատուած է յանձնաժողովին կազմը: Յանձնաժողովի նախագահը ինքը՝ Սերժ Սարգսեանն է:
Հանրապետութեան ղեկավարի հրամանագիրով, շարք մը յանձնարարականներ տրուած են նախարարութիւններուն, գերատեսչութիւններուն, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, գիտութիւնների ազգային ակադեմիային:
Նախագահը իր հրամանագրով կը յանձնարարէ.
«Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի, սփիւռքի, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի նախարարներին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի նախագահին ձեւաւորել եւ պետական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստին ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի խորհրդատուական խմբի անուանական կազմը՝ ապահովելով մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան ոլորտների մասնագէտների, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան միջազգային ճանաչման գործընթացում հայ ժողովրդի ջանքերին սատարող գործիչների ներգրաւուածութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի եւ սփիւռքի նախարարութիւններին՝ աջակցել սփիւռքում Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախմբերի ձեւաւորմանը, իրականացուող աշխատանքների համադրմանը՝ ապահովելով պետական յանձնաժողովի հետ դրանց արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւններին, գլխաւոր հիւպատոսութիւններին եւ միջազգային կազմակերպութիւններում Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւններին՝ ակտիւացնել ջանքերը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, ապահովել պատշաճ աջակցութիւն եւ մասնակցութիւն իրենց հաւատարմագրման երկրներում ու կառոյցներում կազմակերպուող՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներին:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը հրաւիրել 2011 թուականի մայիսի 30-ին՝ Երեւանում»:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԿԱՅԶՄԸ.
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան, (յանձնաժողովի նախագահ), Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հայ կաթողիկէ եկեղեցիի պատրիարք, Մկրտիչ Մելքոնեան՝ Հայ աւետարանական եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդի նախագահ, Յովիկ Աբրահամեան՝ Ազգային ժողովի նախագահ, Տիգրան Սարգսեան՝ վարչապետ, Գագիկ Յարութիւնեան՝ սահմանադրական դատարանի նախագահ, Էդվարդ Նալբանդեան՝ արտաքին գործերու նախարար, Հրայր Թովմասեան՝ արդարադատութեան նախարար, Արմէն Աշոտեան՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Յասմիկ Պօղոսեան՝ մշակոյթի նախարար, Հրանոյշ Յակոբեան՝ սփիւռքի նախարար, Վաչէ Գաբրիէլեան՝ ֆինանսներու նախարար, Վիգէն Սարգսեան՝ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, Վազգէն Մանուկեան՝ Հանրային խորհուրդի նախագահ, Ռադիկ Մարտիրոսեան, գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ, Կարէն Կարապետեան՝ Երեւանի քաղաքապետ, Ալեքսան Յարութիւնեան՝ Հանրային հեռուստառադիօընկերութեան խորհուրդի նախագահ, Գագիկ Ծառուկեան՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Արթուր Բաղդասարեան՝ «Օրինաց երկիր» կուսակցութեան նախագահ, Րաֆֆի Յովհաննիսեան՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ, Հրանտ Մարգարեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Կիրօ Մանոյեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար, Մայք Խարապեան՝ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, Յակոբ Աւետիքեան՝ Արմէնական-Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ատենապետ, Սեդրակ Աճեմեան՝ Հնչակեան սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, Պերճ Սեդրակեան՝ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ, Արա Աբրահամեան՝ Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ, Հրայր Յովնանեան՝ Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչ, Արամ Սիմոնեան՝ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ, Արա Սաղաթելեան՝ Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն, Հայկ Դեմոյեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն (յանձնաժողովի քարտուղար):
Պր․Նախագահ,
Ցեղասպանութիւնը Սփիւրքահայութեան կը պատկանի եւ ինքը
վճարած է իր կորուստը,այդ յանձնախումբը որ կազմած եք
մեծագոյն Անդամները ըլլան պիտի Սփիւրքէն ոչ թէ Հայրենիքէն,
նաեւ Գլխաւոր Նախագահը, Այո Սփիւրքահայութիւնը մօտէն
ծանօթ է ձեր վարած կազմին գործին,ԱՆԻԾԵԱԼ Ստորաիգրութնիւնը
կը մնայ ՍԷՎ ՕՐՈՎ Արձանագրութիւներուն վրայ որ մաս կը
կազմէ նաեւ Ոճրագործ թուրքին Հայուն Արիւնով ձերքերնին։
Կէցցէ Հայ Ժողովուրդը
Կէցցէ Հ․Յ․Դ․