Ընդառաջելով Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան վարչութեան հրաւէրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13ին այցելեց միութեան նորակառոյց կեդրոնը եւ դիմաւորուեցաւ խնամակալ մարմինին, կեդրոնական վարչութեան ու յարակից միաւորներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Առաջնորդին կ՛ընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան ու անդամներ՝ Վահան Պզտիկեան եւ Խաչիկ Երէցեան։
Առաջնորդն ու ընկերակիցները շէնքի մուտքին դիմաւորուեցան խնամակալ մարմինի ատենապետ Վահան Կրեկըրի, Կեդր. վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Փիրաճանեանի եւ այլ վարչականներու կողմէ։ Առաջին հերթին, հիւրընկալները առաջնորդն ու ընկերակիցները ծանօթացուցին կառոյցին ներքին բաժանմունքներուն, ուր տեղի կ՛ունենան միութեան բազմերես ու բեղուն աշխատանքներն ու ծրագրումը։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Վ. Կրեկըր, Ն. Փիրաճանեան եւ այլ ներկայացուցիչներ, որոնք անդրադարձան միութեան գործունէութեան զանազան երեսներուն։ Խօսք առին նաեւ Ռիմա Պօղոսեան եւ առաջնորդը։
Ռ. Պօղոսեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս կեդրոնի իրականացման ու Իրանահայ միութեան բեղուն գործունէութեան մասին։ Առաջնորդը, իր կարգին բարձր գնահատելով միութեան պատասխանատուներուն ու անդամներուն նուիրեալ աշխատանքը՝ շնորհաւորեց նորակառոյց շէնքին իրականացումը, նկատել տալով, որ «այս յարկին տակ բոլորս կը զգանք մեր տան պէս»։ Ան յիշեց Ս. գրային այն նկարագրութիւնը, ուր կ՛ըսուի. «Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատուըւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՛ուրախանան», իսկ այս պարագային, երբ մեր գաղութի մէկ անդամը ուրախ է, ամբողջ մեր օճախը ցնծութիւն կ՛ապրի։
Սիրալիր ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը վերջ գտաւ փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու յանձնառութեամբ։