ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետարանի կազմակերպած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 10րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Ապրիլ 25ին, քաղաքին «Ալեքս» սրահին մէջ (216 N. Brand), երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ: Օրուան գլխաւոր բանախօսն է «Փուլիզըր» մրցանակին արժանացած լրագրող Սթիւ Քիւրքճեան. ընթացքին պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Հայ թատերական արուեստներու միութեան, Կլենտէյլի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, խմբավարութեամբ՝ Միքայէլ Աւետիսեանի ու Երգչախմբային միջազգային երաժշտանոցին:
Մուտքը ազատ է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 548-4844 թիւին: