ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Նեմէսիս Գործողութեան արտացոլումը Նիւրեմպերկեան դատավարութիւններու հայելիին մէջ իր զօրաւոր անդրադարձը ունեցաւ յետ 1965եան ժամանակաշրջանին վերանորոգուած հայ քաղաքական մտածողութեան, ինչպէս նաեւ յաջորդ քսանամեակին Հայ Դատի պայքարի որդեգրած ուղղութեան վրայ:
Սփիւռքեան էթոսին մէջ ամրագրուած պատումներու շարքին է Նեմէսիս Գործողութեան բնութագրումը որպէս «Հայկական Նիւրեմպերկ», ինչ որ ի մէջ այլոց կը յուշէ, արդարօրէն պէտք է ընդունիլ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատող եւ դատապարտող միջազգային ատեան մը չկազմուեցաւ այնպէս ինչպէս Ողջակիզման պարագային տեղի ունեցաւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, որովհետեւ այն ատեն արդէն մեծապետական քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդի Աղէտը դատապարտած էր մոռացութեան: Հակառակ Հիթլէրի ճակատագրական նախադասութեան, հակառակ Վարշաւիոյ Կեթոյին մէջ հրեայ դիմադրողներուն մօտ Ֆրանց Վերֆէլի վէպին շնորհիւ Մուսա Լերան հերոսապատումի ներշնչող օրինակի առկայութեան, եւ մանաւանդ հակառակ «ցեղասպանութիւն» իրաւական յղացքի բանաձեւման հոլովոյթին մէջ Ռաֆայէլ Լեմքինի յստակ արձանագրութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան «մոռացում»ը ամրագրուեցաւ, որովհետեւ չկար պետութիւն որ տրամադիր ըլլար նման առաջարկ տանելու նորաստեղծ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան:
Հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութիւնը այնքա՜ն վեհանձնօրէն իր ուսերուն առած Մոսկուային այնքան ալ շատ չէր հետաքրքրեր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որովհետեւ խորհրդային համայնավարական մտածողութիւնը, որու կոնկրետ վճիռներուն «գիտականութեան» վկայագիրը այն ատեն կու տար Սթալին, Հայաստանին պարգեւելէ յետոյ միջազգային յեղափոխութեան մասնակից ըլլալու պատմական առիթը, անոր փոխարէն փոքր զիջումներ պահանջած էր՝ Սեւրէն, Նախիջեւանէն, Արցախէն ու æաւախքէն հրաժարում, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը բարդած էր թուրք եւ հայ «նացիոնալիստներ»ու ուսերուն: Ամէն պարագայի, այն ատեն խնդիրը լուծուած համարած Լենինի եւ Աթաթուրքի «յեղափոխութիւն»ներով, որոնք հայ եւ թուրք ժողովուրդներու բարեկամութեան դուռ բացած էին… Պէտք է աւելցնել, որ Սթալին ինք այնքան ալ անտրամադիր չէր զանգուածային բնաջնջումներու կուլակաթափութեան թէ սովի ճամբով ըլլային անոնք, եթէ այդ «զոհողութիւնը» կը պահանջէր «սոցիալիզմի կառուցումը»…
Ամէն պատումի նման սակայն, «Հայկական Նիւրեմպէրկ»ին ենթադրութիւններն ու յուշումներն ալ բացարձակ ճշմարտութիւն չեն բնականաբար: Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատական ատեանի առջեւ բերուեցաւ դեռեւս Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, երբ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Իթթիհատականներու դատավարութիւնը՝ իրենց բացակայութեան: Այն ժամանակ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագիրը բանաձեւուած էր որպէս «մարդկութեան դէմ ոճիր», որ հիմք ծառայած էր Պոլսոյ դատավարութեան: Այս մասին մանրամասն ուսումնասիրած է Վահագն Տատրեան Ցեղասպանութեան պատմութեան մասին իր դասական գործին մէջ: Ճիշդ է որ այդ դատավարութիւնը հետեւանք չունեցաւ: Քեմալական ըմբոստութիւնն ու իշխանութեան հասնիլը վերջ տուին գործընթացին առանց այն հասցնելու իր աւարտին: Դատավարութիւնը, բնականաբար, առաջացուցած էր ազգայնական հակազդեցութիւն, որուն զօրավիգ էր նոյնինքն Մուսթաֆա Քեմալ: Ի դէպ, հայ ժողովուրդի բնաջնջումը «ամօթալի արարք» որակելով, Թուրքիոյ հիմնադիրը պարզապէս փորձ կատարած է հեռաւորութիւն պահել Իթթիհատական կառավարութենէն, որուն մաս կը կազմէր ինք եւ հետեւաբար ծանօթ էր ծրագրին: Եւ եթէ, ինչպէս անոր մեղսակցութիւնը բացառելու կամ մեղմացնելու ճիգ կատարողները կ՛ուզեն հաւատացնել, ան դէմ եղած է Թալաաթի, նոյնքան ալ ճիշդ է, որ ոչինչ ըրած է որ ծրագիրը չիրականանար:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը երկրորդ անգամ դատական ատեանի առաջ բերուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագրին մասին բազմաթիւ ականատեսներ վկայեցին: Այս զոյգ դատավարութիւնները, սակայն, ենթահող չեղան Ցեղասպանութեան հարցի իրաւական զարգացումը ապահովելու համար: Ճիշդ է որ թերեւս այն ժամանակ չկային միջազգային իրաւունքի բանաձեւման ու կիրարկման այն միջոցառումները, որոնք ծնունդ պիտի առնէին հետագային, սակայն սխալ չէ հաստատել որ Ցեղասպանութեան հարցի իրաւագիտական զարգացում տեղի չունեցաւ որպէս հետեւանք հայկական գերիշխան պետականութեան բացակայութեան: Նման նախանձախնդրութիւն հազիւ թէ մտածուէր այդ օրերուն Խորհրդային Հայաստանի իրականութեան մէջ ե՛ւ Մոսկուայէն դրուած արգելքներուն, ե՛ւ երկրի մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով: Ինքզինք կազմաւորող Սփիւռքն ալ այդ օրերուն չունէր Գրիգոր Զօհրապի նման իրաւագէտներ հարցին մասին մտածելու համար:
Ցեղասպանութեան յիսնամեակին յաջորդած Հայ Դատի պայքարի զարգացման օրերուն, Մուսա Փրէնս, Շաւարշ Թորիկեան եւ ուրիշներ փորձ կատարեցին իրաւական մտածողութիւն ձեւաւորելու: Ուրուկուայի Խորհրդարանի 1965ի օրէնքի նախընթացը ինքնին առիթ էր: Սակայն այդ օրերուն առաջնային էր «Հայկական Հարց» յղացքը, Սեւրը, մինչ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, իր կարեւորութեամբ հադերձ, կը նկատուէր մաս Հայկական Հարցի լուծման:
Հայ Դատի պայքարի քսանամեակին ալ Ցեղասպանութեան իրաւագիտական մտածողութեան եւ հարցի լուծումը դատական ատեաններու ճամբով լուծելու թեքնիք ճանաչողութեան տիրապետումը յարաբերականօրէն բացակայ էին: Մինչ ուժական պայքարին զուգահեռ, եւ թերեւս անոր ալ առնչակից, քաղաքական աշխատանքի ու յարաբերութիւններու մասնագիտացումը, պատմագիտական ճանաչողութիւնը, զանգուածային լրատուական միջոցներուն հասնելու ձեւերը եւ տակաւի՛ն Ցեղասպանութեան ներառումը արուեստագիտական ստեղծագործութեանց մէջ մեծաքայլ առաջացան, իրաւագիտական մտքի ձեւաւորումը աւելի դանդաղ ընթացաւ: Առանձին նիւթ է անոր պատճառներու քննարկումը, ուր ե՛ւ ենթակայական ե՛ւ առարկայական ազդակներ վստահաբար երեւան պիտի ելլեն, սակայն իրողութիւն է, որ Ցեղասպանութեան հարցը դատական ատեան մտաւ անուղղակիօրէն, Հայ Դատի ուժական պայքարի որպէս հետեւանք, երբ դատի տրուեցան Գուրգէն Եանիքեանները, Համբիկ Սասունեանները, Հրայր Քիլինճեաններն ու այլոք: Արդարութեան մարտիկներու դատերը առիթ էին արծարծելու հարցը, բայց Ցեղասպանութիւնը դատական ատեանի միջոցաւ լուծելու կամ Ցեղասպանութեան մասին դատական որոշում անցնելու գործընթացներ չէին անոնք:
Հայոց Ցեղասպանութեան «դատականացման» գործընթացը սկսաւ 1993ին, երբ Ֆրանսայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը դատական գործ բացաւ պատմաբան Պերնարտ Լէուիսի դէմ: Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, ֆրանսական Լը Մոնտ թերթին իր տուած հարցազրոյցին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակած էր «խնդրին հայկական տեսակէտ»ը, ինչ որ դատական գործ յարուցողներուն կողմէ մեկնաբանուեցաւ որպէս ժխտում եւ Ողջակիզման ժխտումը քրէական յանցանք համարող Կէյսոյի օրէնքին հիման վրայ պահանջուեցաւ անոր դատապարտումը: Ի՛նչ ալ ըլլայ Լէուիսի դատավարութեան արդիւնքի մեկնաբանութիւնը, իրողութիւնը այն է, որ հարցը ուղի հարթեց հայ քաղաքական մտածողութեան նոր զարգացման մը, որ կը ձգտի քրէականացնել Ցեղասպանութեան ժխ-տումը: Պատմագիտական թէ իրաւագիտական ոլորտներուն մէջ բացուած բանավէճը, այս հարցով արդէն հրատարակուած ուսումնասիրութիւններն ու տոքթորական աւարտաճառերը բարացուցական են Ցեղասպանութեան խնդիրով հայ իրաւագիտական մտածողութեան զարգացման:
Հայոց Ցեղասպանութեան դատականացման երկրորդ ուղղութիւնը ծնունդ առաւ ու զարգացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ի դէմս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու կրած նիւթական վնասներու հատուցման ի խնդիր բացուած դատերուն, հիմնականին մէջ ապահովագրական ընկերութիւններու եւ դրամատուներու դէմ: Այս ուղղուածութիւնը կը տարբերէր առաջինէն այն իմաստով որ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղակի պահանջ չէր դրուեր, այլ՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին է որ կը խօսուէր: Պարզ է, որ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ներկայ էր դատավարութեան ընթացքին, աւելի՛ն դատական գործ բացող կողմը այդ ենթադրութեամբ կը շարադրէր իր պահանջը, եւ այս իմաստով պէտք չէ նուազեցնել այս ուղղուածութեան կարեւորութիւնը: Սակայն իրողութիւնն այն է, որ ուշադրութեան կեդրոնը այս դատավարութիւններուն ժամանակ նիւթական փոխհատուցումն է: Ինչպէս շատ ճիշդ կերպով ոմանք ի սկզբանէ դիտել տուին՝ նման մօտեցման ռիսքը այն է, որ հատուցման ստացումը կը վերածուի նպատակի եւ կրնայ շրջանցել, նոյնիսկ անտեսել Ցեղասպանութիւնը: Դատի տրուած կողմը կրնայ առաջարկել համաձայնութեան հասնիլ եւ ամբողջ հարցը կը սահմանափակուի հատուցման գումարին վրայ: Յետոյ, ինչպէս իրադարձութիւնները դժբախտաբար ցոյց տուին, տրուած ըլլալով որ հատուցումը գումարի հետ կապ ունի երբեմն անխուսափելի կ՛ըլլան գայթակղութիւնները: Այս զգուշացումները չեն ենթադրեր որ դատական այդ ուղղուածութիւնը անպայմանօրէն վնասաբեր է, ոչ ալ որ անոր նախաձեռնողներուն ի սկզբանէ պէտք է մեղադրել Ցեղասպանութիւնը շահագործելու յանցանքով: Անհրաժեշտ է միայն շատ յստակ սկզբունքային մեկնակէտ մը ունենալ. անհատներու եղած նիւթական հատուցումը չի կրնար երբեք լուծուած համարել Ցեղասպանութեան հարցը կան նուազեցնել անոր աղէտային բնոյթը: Նիւթական հատուցումը վերջին հաշուով հողերու վերադարձն է, որովհետեւ անընդունելի է Ցեղասպանութեան ոճիրին հատուցումը հաշուարկել «արեան գին»ի տրամաբանութեամբ: Մէկուկէս միլիոն հայեր չէ որ ջարդուեցան, այլ՝ ամբողջ ազգի մը բնաջնջումն է որ ծրագրուեցաւ, իսկ ազգը աւելի է քան անհատներու լոկ գումարը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաշուարկել «արեան գին»ը թէկուզ եւ անիկա՝ այս կամ անիկա ձեւով վճարուի նահատակներու վերապրած պարագաներու ժառանգներուն:
Ցեղասպանութեան դատականացման գործընթացի եւ իրաւագիտական մտածողութեան կառուցման մէջ որակական հիմնական յառաջընթաց արձանագրուեցաւ Ապրիլ 2, 2011ին, երբ Արժանթինի մէջ դատաւոր Օժարպիտէ Կրէկորիօ Հայրապետեանի կողմէ 2000 թուականին սկսած դատական գործը իր աւարտին հասցուց արձակելով պատմականօրէն աննախընթաց վճիռ մը, որով եւ դատական ատեան մը 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդի դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած տեղահանումներն ու սպանութիւնները կը բնութագրէ ցեղասպանութիւն: Հիմնուելով Ճշմարտութեան Իրաւունքի սկզբունքին վրայ, Հայրապետեան, որպէս արժանթինցի քաղաքացի, դիմած էր իր պետութեան՝ պահանջելով, որ բացայայտուի 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ ապա Թուրքիոյ մէջ ապրող իր նախնիներու սպանութեան պարագան որպէսզի կարենայ սգալ անոնց մահը: Այլապէս, անտեղեակ ըլլալով անոնց ճակատագրին մասին, անոնք պիտի մնային «անհետացած», անոնց ճակատագիրը պիտի մնար անյայտ եւ սգալու արարողութիւնը, անհրաժեշտ՝ սիրելիի մը կորուստին պատճառած տառապանքին վերջ տալու համար, անկարելի պիտի ըլլար: Դատական այս գործը, բնականաբար, զօրաւոր հնչեղութիւն ունէր Արժանթինի մէջ 1976-1983 թուականներու զինուորական բռնատիրութեան ժամանակ առեւանգուած, չարչարանքի ենթարկուած, ապա եւ գաղտնի կերպով սպաննուած 30 հազար քաղաքացիներու հարցին հետ, որոնց ատենին Մարտ 24, 1976ի պետական հարուածը նախաձեռնած Զօրավար Խորխէ Ռաֆայէլ Վիտելլա ցինիքաբար «անհետացած» կոչած էր: «Իրենց մասին տեղեկութիւն չունինք, ոչ ողջ են, ոչ ալ մահացած, պարզապէս անհետացած են», ըսած էր ան պատասխանելով օտար լրագրողի մը հարցումին:
Հայրապետեանի դիմումը, որ շարադրուած էր պահանջը հիմնաւորելով հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան իրողութեամբ, կրնար եւ անտեսուիլ, մանաւանդ որ անիկա կ՛ենթադրէր Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի մասնակից երկիրներուն, ներառեալ բնականաբար Թուրքիոյ, դիմել հարցի մասին տեղեկութեան խնդրանքով եւ հետեւաբար տեղի տար նեղութիւններու, զորս դիւանագէտները կը փորձեն շրջանցել: Բայց եւ այնպէս, դատաւոր Նորպերթօ Օժարպիտէ, որուն գլխաւորած ատեանն էր որ ստացաւ դիմումը, որոշեց ընթացք տալ անոր, հետեւաբար գործադիր իշխանութիւնը պարտաւորուեցաւ ենթարկուիլ որոշումին: Առաւել, 21րդ դարու առաջին տասնամեակին զուգադիպած դատական գործընթացը ինքնաբերաբար տեղադրուեցաւ Արժանթինի մէջ Ճշմարտութեան Ի Խնդիր Դատավարութիւններու ընկերա-հոգեբանական ոլորտին մէջ: Արդարեւ, 2003ին երկրի նախագահ ընտրուած Նեսթոր Քիրշների օրով բեկանուեցաւ 1990ական թուականներու սկիզբը օրին նախագահ Գարլոս Սաուլ Մենեմի կողմէ արդէն դատապարտուած զինուորականներու շնորհուած ներման օրէնքները ճանապարհ հարթելով, որ 1985ին սկսած դատավարութիւնները վերսկսին ի խնդիր բռնատիրութեան ժամանակ պատահած մարդկային իրաւանց բոլոր տեսակի խախտումներու բացայայտման: Տակաւի՛ն, նոյնինքն նախագահ Քիրշների օրով Արժանթինի մէջ քուէարկուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքը 2007ի Յունուարին ուժի անցաւ, հակառակ թրքական ամէն տեսակի ճնշումներուն, որոնք 1995ին արդիւնաւորուած էին երբ նախագահ Մենեմ վեթոյի ենթարկած էր նման օրէնք մը: Նշենք նաեւ, որ Ճշմարտութեան Ի Խնդիր Դատավարութիւններու ծիրին մէջ արժանթինեան ատեան մը 2010ին բռնատիրութեան ոճիրները բնութագրած էր որպէս «ցեղասպանութիւն»: Նոյն տարուան Մայիսին, վարչապետ Էրտողան Արժանթին իր կատարելիք այցելութիւնը ջնջեց վերջին պահուն, որովհետեւ հայ համայնքի զօրաշարժը արգելք հանդիսացաւ որ մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղադրուէր Աթաթուրքի կիսանդրին, ինչպէս գաղտնի կը ծրագրէր թրքական դեսպանատունը:
Հայրապետեանի յարուցած դատական գործը զօրաշարժի ենթարկեց համայնքը, որուն կազմակերպութիւնները հաւաքական նամակով դիմեցին դատաւորին խնդրելով որ իր վճիռին մէջ հաստատագրէ ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Դատական հարցով ներշնչուած մրցանակակիր գրող Գլաուտիա Փինիէրա ստեղծագործեց «Կանաչ Ծառ Մը» թատերախաղը որ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ անցնող տարիներուն:
Դատաւոր Օժարպիտէ իր վճիռը «յայտարարական» բնոյթի կը դասէ, այսինքն՝ այն չունի պատժական կամ հատուցողական դատի տանելու իրաւասութիւն եւ նպատակ կը հետապնդէ ճշմարտութեան բացայայտումը: Այդուհանդերձ, կը գրէ նաեւ, որ վճիռը պէտք է ծառայէ դաստիարակչական նպատակներու, ինչպէս նաեւ դուռ բանայ այլ ատեաններու մէջ Ցեղասպանութեան հարցի արծարծման:
Սխալ ու անհեթեթ է անշուշտ Ցեղասպանութեան դատավարացման այս երեք ուղղութիւնները իրարու հետ բաղդատել լաւագոյնին մասին եզրակացնելու համար: Իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ, հիմնուած առկայ պայմաններուն վրայ, Ցեղասպանութեան հարցի միջազգային արծարծման նոր միջոց կը ստեղծէ: Երեք ուղղութեանց պարագային ալ կը բացայայտուի Սփիւռքի քաղաքական ինտեգրացման եւ մտածողութեան հասունացման իրողութիւնը: Փաստօրէն, իրաւագիտական մարզին մէջ ալ անհրաժեշտ է ստեղծագործ ու նախաձեռնող ըլլալ եւ մտածել զուտ քաղաքական բնոյթի նախաձեռնութիւններու հետ իրաւագիտական ճանաչողութեան ներդաշնակութեան եւ փոխազդեցութեան տրամաբանութեամբ աշխատելու մասին:
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որպէս ճշմարտութեան յանձնառութիւն, անոր ժխտումի ամէն փորձի կանխարգիլումը այդ փորձի քրէականացման ճամբով, եւ օրէնքին ուժով հաւաքական հատուցման հասնելու ճիգը մաս կը կազմեն իր բնոյթով ե՛ւ ազգային ե՛ւ համամարդկային մէկ ու միացեալ պայքարին, որուն մէջ անկասկած հայրենի պետականութիւնը պէտք է ձգտի առաջնորդող եւ նախաձեռնող դիրքի հասնիլ: Անոր համար ցանկալի պիտի ըլլար որ ցեղասպանութեան իրաւագիտական մտածողութեան կազմաւորման ու զարգացման այս գործընթացը, որ առկայ է Սփիւռքի մէջ, ներշնչէ նաեւ պետական քաղաքականութիւնը եւ հայրենի դիւանագիտութիւնը դուրս բերէ փրոթոքոլային լճացումէն -այդ բառին ե՛ւ ընթացիկ ե՛ւ փոխաբերական իմաստով: