ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
«Օսմանիզմ կա՞յ», տակաւին վերջերս հարց կը տրուէր, ոչ միայն օտար շրջանակներէ, այլեւ՝ հայկական։
Սակայն, ո՞վ ըսաւ թէ օսմանիզմը մեռած է, չկայ, պատմութեան գիրկը նետուած է։
Նման մտածում մ՛իսկ ցնորք է, անհեթեթութիւն, եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք Թուրքիոյ արդի պատմութեան, թրքական քաղաքականութեան ու թրքաբարոյ վարքագիծին, թէ՛ ներթրքական, թէ՛ արտթրքական առումներով։
Նախ՝ պէտք է ճշդել, թէ թուրքը կը հրաժարի՞ իր թրքաբանութենէն, կը հեռանա՞յ իր թրքացեղութենէն, կ՛այլափոխուի՞ իր թրքաէութենէն, կը դաւաճանէ՞ իր թրքամոլութեան, ապա՝ այդ բոլորին լոյսին տակ պէտք է մեկնաբանուի ու վերլուծուի թուրքին ինքնութիւնը իր անցեալով ու ներկայով, իր պատմութեամբ եւ իրականութեամբ։
Արդի թրքական պետութեան հիմնումը, նոյնիսկ ինքզինք աշխարհիկ-ժողովրդավար նկատող հիմնադիր-Աթաթիւրքի մը կողմէ, ոչ ոքի իրաւունք կու տայ (կամ պէտք է տայ), կարծելու թէ նորօրեայ թուրքերը «թաղած» են օսմանիզմը, պարզապէս անոր համար, որ անիկա գո՛յ է, կենդանի է, աւելին՝ ամենուր է, թրքական սահմաններէն ներս թէ դուրս։
Աշխարհիկութեան ու կրօնականութեան սերտութեան կամ արանքին «խաղցող» այժմու Թուրքիան, անկասկածօրէ՛ն, հարազատ շառաւիղն է օսմանիզմի՝
– Իր արմատներուն կառչածութեամբ
– Իր նախնիներուն հետեւողականութեամբ
– Իր բնազդային ախորժակներով
– Իր բռնատիրական մոլուցքներով
– Իր տզրուկային քաղաքականութեամբ
Եթէ շարունակենք այս թուումը, թերեւս հատոր մը կրնանք լեցնել, ուր կարելի կ՛ըլլայ բնութագրել եւ ուրուագծել թրքաշխարհութեան՝ «ալֆան եւ օմեկան», իր զանազան հանգրուաններով եւ օսմանիզմի կատարեալ տիրապետութեամբ։
Այսօրուան թրքական իշխանութիւնները՝ մասնաւորաբա՛ր, որոնք իրենք զիրենք կը նկատեն նորարարութեան ու բարեկարգութեան կերտիչներ, այլեւ՝ իսլամական աշխարհի յառաջամարտիկներ (՞), արդեօք այդ սկզբունքներով ու մեկնակէտերով կը շարժի՞ն, կը գործե՞ն։
Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի արաբական աշխարհին մէջ Թուրքիոյ իր «քիթը կոխելու» անճոռնի քաղաքականութեան, հոս ու հոն միջնորդի ու փրկարարի հովեր առնելով, մերթ իսլամականութեան, մերթ արաբասիրութեան, մերթ ժողովրդավարութեան անուններով։
Այս տեղաշարժերէն ի՞նչ «հոտ» կը բուրէ, եթէ ոչ՝ վերանորոգելի օսմանզիմի գերակայութեան, հզօրութեան, դերակատարութեան եւ ազդեցութեան, որոնք խաբուսիկ ու պատեհապաշտական ըլլալով հանդերձ, կը միտին հող ու հովանի, դիրք ու տեղ շահելու թրքական աւանդական մոլուցքին։
Պատմութեան անիւը, եթէ ետ դարձնենք ու հետեւինք օսմանական ղեկավարութիւններու ծաւալողական ու բռնակալական թաւալքին, պիտի չտեսնե՞նք որ, այսօր, նոյն օսմանիզմը, նոյն թափով, ոտքի ելած է, իր անցեալի «հմայքն ու հեղինակութիւն»ը հաստատելու «հիւանդ մարդ»ու թշուառականութենէն, այժմ ալ վերածուելու «տզրուկ մարդ»ու ընչաքաղցութեան։
Կիւլեր, Էրտողաններ կամ Տաւիթօղլուներ, որոնք, «բարի սամարացիի» քօղով հանդէս կու գան, Թուրքիան նկատելով արեւելքի եւ արեւմուտքի «ճէննէ»չ (դրախտ) տանող ճամբան, պիտի կարենա՞ն արար-աշխարհին համոզել, թէ իրենք եւ իրենց «ճեննէ»չը մարդկութեան կրնան բարիք կամ խաղաղութիւն խոստանալ։
Ահաւասիկ, ճիշդ ա՛յս է որ կ՛ուզեն իրականացնել Անգարայի նորագոյն վարիչները, այլեւ հաւատացնել համայն աշխարհին, որ Թուրքիան լայիք է, հակառակ իր կրօնական (իմա՝ իսլամական) պատկանելիութեան եւ կրնայ առաջնորդողի (՞) անփոխարինելի (՞) դեր մը վերցնել իր աշխարհատարածքային շրջագիծէն ներս։
Սուլթանական հոգեբանութեան, սուլթանական հասկացողութեան, հուսկ՝ սուլթանիզմի վերականգնման, սուլթանիզմի վերահաստատման, թաքուն, բայց որոշապէս թափանցիկ քաղաքականութիւն մըն է ասիկա, որուն առաջին նախանշանները արդէն իսկ սկսած են բացայայտուիլ Միջին Արեւելքի մէջ եւ, դժբախտաբար, սկսած է հող շահիլ։
Օսմանիզմի ժառանգորդները, որոնք նոր օսմանզիմի աւանդապաշտութեամբ կը գործեն, գրեթէ ամէն տեղ են – շրջանային տարածքներէն մինչեւ Եւրոպա ու միջազգային ոլորտներ, իրենք զիրենք ներկայացնելով ժողովուրդներու բարեկամութեան, բարօրութեան ու բարեկեցիկութեան ջատագովներ։
Նոր օսմանզիմի դէմ պայքարելու համար (կամ գէթ բացայայտելու անոր ծրագիրները), ի՞նչ պէտք է ընել- երթալ դէպի «փրոթոքոլներու արձանագրութեա՞նց», թէ՞՝ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան», որոնց ձախողութիւնները այլեւս կասկած չեն վերցներ. բնական է, ոչ մէկը, ոչ ալ միւսը, այլ ցոյց տալ, ապացուցել, որ սուլթանիզմը, որպէս գաղափարախօսութիւն ու վարդապետութիւն, կա՛յ, կը կիրարկուի, արդի քաղաքական ըմբռնողութեամբ ու տարողութեամբ։
Իսկ ասոր առաջքը ինչպէ՞ս կարելի է առնել կամ գոնէ պարզաբանել, թէ օսմանիզմը «յարութիւն» առած է, իսկ զայն շրջագայութեան ու շրջանառութեան մէջ դնողները, Թուրքիոյ այն ղեկավարներն են, որոնք հագած մարդասիրութեան կեղծ պատմուճաններ, կը գերեն ու կը քերեն ժողովուրդներու բարեմտութիւնները։
Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք, այս կամ այն առիթով խաբկանքները ունեցան Թուրքիոյ գործող ղեկավարութեան հետ գործակցելու, «շահոյթներ ու զիջումներ» ապահովելու ցանկատեսութեամբ, հիմա, նախքան վաղը, համոզուած ըլլալու են, որ օսմանիզմը կայ, օսմանիզմը վտանգ է, օսմանիզմը աղէտ է։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, վերջապէ՜ս, Կիպրոսի մէջ, խօսեցաւ նոր օսմանիզմի, թէեւ ես պիտի ըսէի՝ շարունակուող օսմանիզմի մասին, սակայն, ատիկա բաւարար չէ, այնքան ատեն որ՝ օսմանիզմը վերազարթնած է ու կը խլրտի, իսկ ատիկա, ամէնէն եւ ուրիշներէն աւելի, կրնայ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին վնասել։
Զգուշութիւնը բաւարար չէ, պէտք է զգաստանալ ու զգաստացնել, համոզուիլ ու համոզել։