ՆՈՐԹՐԻՃ.- Կիրակի, Ապրիլ 10ին տեղի ունեցաւ ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան տարեկան 10րդ գիտական մրցանքը եւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 վարժարաններէ 95 աշակերտներ՝ ներկայացնելով 72 ծրագիրներ, որոնք քննուեցան կամաւոր դատաւորներու կողմէ:
Այս տարի եւս, մասնակիցները առիթն ունեցան ունկնդրելու յայտնի գիտնական մը՝ Լուսի Աբրահամեանը՝ NASA-ի «Ճեթ Փրոփալշըն» տարրալուծարանէն, որ խօսեցաւ իր փորձառութեանց մասին, սկսելով աշակերտական օրերէն ու հասնելով մինչեւ մասնագիտացման ու աշխատանքի տարիները: Նկատի ունենալով, որ այս տարի ծրագիրին տասնամեակն էր, վերջին 9 տարիներու մրցանակներուն արժանացած աշակերտներ եւս հրաւիրուած էին. անոնք նմանապէս իրենց փորձառութիւնները կիսեցին ապագայ գիտնականներուն հետ:
Ապա, ներկայութեամբ Խորէն քհնյ. Պապօշեանի, ծրագիրին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Մարինա Կէօվրէքեան յանձնեց մրցանակները՝ սկսելով լաւագոյն ուսուցիչի մրցանակէն, որ տրուեցաւ «Ֆերահեան»էն դոկտ. Սքարլեթ Ռելին, որ մրցանակի 300 տոլարով գիտական սարքեր պիտի գնէ վարժարանին:
Բնագիտութեան մէջ, երկրոդ դիրքը խլեցին «Ֆերահեան»էն Մարեթա Օկանէսեանն ու Անուշ Գինոսեան, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Լոռի Շիրաճեան («Ռիպի»չ), Օննիկ Աշիքեան («Արշակ Տիգրանեան»), «Ֆերահեան»էն՝ Վարագ Արմուտեանի ու Քարինա Խատարեանի, ինչպէս նաեւ Շանթ Անսրլեանի ու Րաֆֆի Քուրպեսեանի միացեալ ծրագիրները:
Երկրորդականի կենսագիտութեան մարզին մէջ, երկրորդ հանդիսացաւ Մարք Մաթոսեան (ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան), իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Քաթրին Մինասեանի ու Շուշանիկ Գինոսեանի («Ֆերահեան») միացեալ ծրագիրը:
Միջնակարգի բնագիտութեան մէջ, Թալիշ Պապայեան («Շամլեան») առաջին հանդիսացաւ, իսկ Ճորճ Խապպազ («Յովսէփեան»)՝ երկրորդ: Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Ռընէ Մելքոնեան («Ֆերահեան») եւ «Մերտինեան»էն Դանիէլ Աւագեան ու Վարդան Արզումանեան:
Միջնակարգի կենսագիտութեան մարզին մէջ, յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ հանդիսացան «Շամլեան»էն Յակոբ Մարկոսեան եւ Դալար Գասապեան, իսկ երրորդ՝ Ալէք Մեսրոպեան: Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան Ալին Աբրահամեան ու Լարա Ռոստոմեան («Շամլեան»):
Մրցանակակիրները ստացան շքանշաններ ու 20էն 500 տոլարի մրցանակներ:
Կէօվրէքեան շնորհակալական ու քաջալերական խօսքերով փակեց յայտագիրը: Ամէն տարի հայկական վարժարաններու մօտաւորապէս 1000 աշակերտներ կը մասնակցին իրենց դպրոցներու գիտական մրցանքներուն. անոնց 10 տոկոսը կը մասնակցի նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի մրցումին, իսկ աւելի փոքր համեմատութիւն մը՝ նաեւ Քալիֆորնիոյ մրցանքին: Անոնք, որոնք կը փափաքին նպաստել այս աշխատանքին, կրնան դիմել հետեւեալ թիւերուն՝ (818) 347-9122, (626) 568-9191: