ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւ-մտեան Ամերիկայի մէջ ՀԵԴի հիմնադրութեան 78ամեակը նշող այս տարուան ձեռնարկը տարբեր է իր նախորդ տարիներու ճաշկերոյթ-պարահանդէսներէն, որովհետեւ ան երգահանդէս-պարահանդէսի բնոյթ ունէր, մասնակցութեամբ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանին ու մօտաւորապէս 500 ՀԵԴականներու ու համակիրներու:
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի կեդրոնական վարչութենէն Անիա Յակոբեան շեշտեց ձեռնարկին կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով, որ ան կազմակերպութեան դրամահաւաքի գլխաւոր նախաձեռնութիւնն է:
Ձեռնարկէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի հայ ուսանողներու կրթանպաստներուն, նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին հայութեան քաղաքական գործունութիւնը աշխուժացնելու, «Հայդուկ» թերթը լոյս ընծայելու եւ Հայաստանի կարիքաւոր երեխաներուն համար ամառնային ճամբարներ (Երիտասարդական ջոկատներ) կազմակերպելու նպատակներուն:
ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներ ծրագիրին դրամահաւաքի ձեռնարկներէն մէկն է ՀԵԴի շրջանաւարտ Սագօ Շահինեանի կողմէ պատրաստուած Յարութ Փամպուքճեանի իւրայատուկ որմազդներու արտադրութիւնը, որ 60 տոլարով կը ծախուի: Անոնցմէ օրինակ ապսպրելու համար, այցելել http://HaroutRocks.com կայքը: