
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի մէջ խմբագրականներու եւ կարծիքներու բաժինով, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20ին լոյս տեսած յօդուածով մը, թերթին երկարամեայ յօդուածագիրներէն Թիմ Ռաթըն անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչում շնորհելու հարցին կարեւորութեան՝ քննադատելով այս կապակցութեամբ իր նախընտրական խոստումը չյարգելու նախագահ Պարաք Օպամայի կեցուածքը:
Օպամայի Լոս Անճելըս այցելութեան նախօրեակին լոյս տեսած սոյն յօդուածին մէջ, Ռաթըն կը նշէ, թէ մինչ Քալիֆորնիոյ հայութիւնը կը պատրաստուի ոգեկոչելու աւելի քան 1.5 միլիոն զոհ խլած Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցը, Սպիտակ տունն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակեն խուսափողական կեցուածք որդեգրել այս գծով:
Ան կ՛աւելցնէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին ու Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած են Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներ, եւ կը յիշէ, թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կոչ ըրած է նախագահ Օպամային, որ յստակօրէն ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, սակայն ամէն անգամ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը Քոնկրեսի օրակարգին կը հասնի, ներկայ կառավարութիւնը, նախկիններուն մնան, մտավախութիւն կը յայտնէ, թէ նման քայլ մը կրնայ վնաս հասցնել ՆԱԹՕի մէջ «վստահելի գործակից» նկատուող Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն:
Ռաթըն կ՛աւելցնէ, թէ Օպամայի պարագան տարբեր է այն բանով, որ ան նախագահ ընտրուելէ առաջ յայտարարած էր, թէ «Ամերիկան արժանի է ղեկավարի մը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով ճշմարտութեամբ կ՛արտայայտուի»:
«Կը թուի, թէ նախագահը որոշած է Ցեղասպանութեան գծով յստակութենէն խուսափիլ, մինչ մէկ կողմէ կը փորձէ սիրաշահիլ ամերիկահայութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ կը փորձէ մեղմացնել Թուրքիոյ զգայնութիւնները: Անցեալ տարի կատարած իր յայտարարութեան մէջ, ան խուսափեցաւ Ցեղասպանութիւն բառը գործածելէ», կը գրէ ան՝ աւելցնելով, որ «ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ գործածած Լեմքին, ցեղասպանութեան առաջին օրինակներէն մէկը համարած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
«Հայկական Ցեղասպանութեան նման ահաւոր ողբերգական իրադարձութեանց յիշատակը կը պահենք, ոչ միայն զոհերուն յիշատակը յարգելու համար, բայց նաեւ այն յոյսով, որ անոնց օրինակը մեզի յաւելեալ ուժ եւ կորով կու տայ՝ դէմ դնելու համար յաջորդ ոճրագործ խումբին, որ անկասկած պիտի գայ: Որեւէ պատճառով այլ կերպ մտածելը, վախկոտութիւն է», կ՛եզրակացնէ Ռաթըն: