
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թեթին տեղեկութիւններով, 1915ին՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն, տեղահանման ընթացքին սպաննուած հայերը, այս տարի երկրորդ անգամն ըլլալով պիտի յիշատակուին բազմաթիւ ոգեկոչումներու ընդմէջէն: «Աշխարհի հայերը կը սգան այս ողբերգութիւնը Ապրիլ 24ին, քանի որ 1915ի այդ օրն էր, երբ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ արտաքսուող շատ հայեր սպաննուեցան», կը գրէ թերթը, ու կ՛աւելցնէ, թէ կատարուածէն 95 տարի անց, 2010ին, զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին միտքը կը շարունակէ մնալ այն, որ ասիկա ցաւ մըն է, որ կը պատկանի ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ թուրքերուն:
«Զոհերու յիշատակին նուիրուած այս տարուան արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ, Անգարայի, Իզմիրի, Տիարպեքիրի եւ Պոտրումի մէջ: Տեղահանման զոհ գացածներուն յիշատակը պիտի յարգուի լռութեամբ՝ մեխակներով եւ մոմերով: Արարողութեան ժամանակ զոհերուն անունները կարդալու հետ մէկտեղ, պիտի հնչէ նաեւ հայկական երաժշտական գործիքը՝ դուդուկը», կը գրէ «Զաման»ը:
Ըստ թերթին, զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութիւնները կազմակերպուած են «Ոչ ըսել ռասիզմին եւ ազգայնամոլութեան» կոչուած կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ:
Սոյն կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ճենկիզ Ալկամ, 1915ի պատահարներուն վերաբերեալ նշած է. «Ցաւ մը, զոր մենք բոլորս կը կիսենք: Մենք պէտք է դէմ առ դէմ կանգնինք այն իրականութեան, որ 100 տարի կոծկուած է պաշտօնական գաղափարախօսութեամբ»։
Թերթը նաեւ կը նշէ, թէ «Այս ցաւը մերն է» խորագիրով յայտարարութիւնը բաց է ստորագրութիւններու համար. զայն ստորագրած են աւելի քան 100 անձեր՝ ներառեալ մտաւորականներ, գրողներ եւ լրագրողներ, ինչպէս՝ Ահմետ Ինսել, Ալի Պայրամօղլու, Ալպեր Կէօրմիւս, Պեքիր Պերաթ Օզիբեք, Քաֆեր Սօլկուն, Ֆերհատ Քենթել, Կիւլթեն Քայեան, Լէյլա Իբեկչի, Մեհմետ Պաքարօղլու, Օրալ Չալիշլար, Օրհան Միրօղլու, Օյայ Պայտար, Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճի եւ այլք: Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատգամաւորները եւ կուսակցութեան կողմէ սատարուող անկախ թեկնածուները նաեւ պիտի օժանդակեն Տիարպեքիրի մէջ կայանալիք արարողութիւններուն:
Ըստ Ճենկիզ Ալկամի, զոհերու յիշատակին նուիրուած նախորդ տարուան արարողութեան մասնակցած էին շատ հայեր, որոնք Աստուածաշունչը իրենց ձեռքին՝ աղօթած էին եւ արցունք թափած իրենց սիրելի եղբայր-քոյրերուն համար, եւ այդ հայերէն ոմանք ոգեւորուած էին Թուրքիոյ մէջ նմանօրինակ ոգեկոչում կազմակերպելու գաղափարով: «Ոչինչ աւելի կ՛ուզենք, քան թեթեւցնել ողջ մնացած հայերուն վիշտը, եթէ նոյնիսկ շատ քի»չ, ըսած է Ալկամ:
Վերջինս նաեւ յոյս յայտնած է, որ այդ հայերը դրական օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին, որուն հետ Թուրքիան չունի դիւանագիտական որեւէ յարաբերութիւն:
«Թէեւ Թուրքիան այն առաջին երկիրներու շարքին էր, որոնք նախկին Սովետական միութեան փլուզումէն ետք՝ 1991ին, ճանչցան Հայաստանի անկախութիւնը, այնուամենայնիւ, երկու հարեւանները դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին: 1993ին Թուրքիան փակած է Հայաստանի հետ ունեցած իր սահմանները՝ ի նշան յարգանքի իր դաշնակիցին՝ Ատրպէյճանին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող պատերազմի մէջ էր (Հայաստանի հետ)», յայտնած է Ալկամ եւ աւելցուցած. «Թուրքիան գոնէ նկատած է, որ կայ Հայկական խնդիր: Ասիկա հետք է պաշտօնական կաղապարի մէջ: Մենք արդէն երես առ երես կանգնած ենք անցեալին հետ: Ետ դարձի ճանապարհ չկայ»: