ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Իսրայէլի կառավարութիւնը վերջերս վաւերացուցած է Երուսաղէմի քրիստոնեայ եկեղեցիներէն տուրք պահանջելու որոշում մը, որուն հակադարձելով՝ եկեղեցիները միասնաբար բողոք արտայայտած են՝ Իսրայէլի կառավարութեան այս որոշումը անընդունելի նկատելով: Անոնք շեշտած են, թէ այս քայլը Օսմանեան կայսրութեան շրջանէն հաստատուած կանոնակարգը խախտել կը նշանակէ։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Արիս արք. Շիրվանեան նշած է, որ ըստ կանոնի, որ կը կիրարկուիլ 19րդ դարէն սկսեալ, եկեղեցական կառոյցները ազատ կը մնան տուրքեր վճարելէ եւ անոնց համար որոշ առաւելութիւններ կը սահմանուին։ Շիրվանեան նշած է, որ Իսրայէլի նախորդ կառավարութիւնը եւս նման որոշում մը վաւերացուցած էր, սակայն եկեղեցիներ համախորհուրդ կերպով, ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուած էին այդ որոշումին։ Շիրվանեանի համաձայն, անընդունելի է եկեղեցիներէն տուրքեր պահանջելը։
«Մեր կարծիքով եկեղեցիները մարդասիրական գործունէութիւն կը տանին, դպրոցներ կը հովանաւորեն, աղքատներու կողքին են։ Հետեւաբար, եթէ եկամտահարկ պահանջուի, ատիկա վնաս պիտի պատճառէ մեր գործունէութեան», դիտել տուած է Շիրվանեան։
Սրբազանը նաեւ յոյս յայտնած է, որ քրիստոնէական եկեղեցիներու միասնական պայքարը կրնայ արդիւնք տալ եւ դարձեալ կասեցնել որոշումին իրագործումը։
Նշենք, որ Երուսաղէմի քրիստոնէական եկեղեցիներու ղեկավարները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը՝ մտահոգութիւն յայտնելով իսրայէլեան իշխանութիւններու որոշման առումով, որով հարկային պարտաւորութիւններ կը դրուին եկեղեցական կալուածներու եւ ունեցուածքի վրայ։