ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամօթալի երեւոյթ է, որ Սփիւռքի հայկական մեծագոյն համայնքը, նախագահ Օպամայի՝ Քալիֆորնիա այցելութիւններուն ընթացքին ձախողած է առիթէն օգտուելու, բողոքելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն դէմ: Երբ անցեալ Հոկտեմբերին Օպամա այցելեց Լոս Անճելըս եւ Կլենտէյլ, ոչ մէկ հայ հակադրութիւն ցոյց տուաւ անոր հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին:
Այժմ Քալիֆորնիոյ հայերը հիանալի հնարաւորութիւն ունին այդ բացթողումը սրբագրելու՝ ցոյց տալով, որ իրենք մեծապէս դժգոհ են այն բանէն, որ երկրի բարձրագոյն պաշտօնեան չի յարգեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր տուած խոստումը:
Նախագահ Օպամա Սան Ֆրանսիսքօ պիտի գտնուի Ապրիլ 20ին, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցէն ընդամէնը երեք օր առաջ՝ Ապրիլ 21ին, ան պիտի այցելելէ Լոս Անճելըս՝ մեկնարկելու համար իր վերընտրութեան ընտրարշաւը՝ երկու գլխաւոր դրամահաւաքներով, «Օպամայի յաղթանակի հիմնադրամ-2012» անունով:
Յառաջիկայ 18 ամիսներուն, ամերիկահայերը պէտք է նախագահի ընտրարշաւի ծիրէն ներս իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին ցոյցեր կազմակերպեն ամբողջ երկրի տարածքին, մինչեւ 2012ի Նոյեմբերի նախագահական ընտրութիւննները: Ասիկա պատեհ առիթ մըն է բացայայտելու համար նախագահին նկատմամբ անվստահելիութիւնը, մանաւանդ, երբ ան իր ցած վարկանիշին համար խոցելի է իր վերընտրութեան ընտրարշաւի մեկնարկման շրջանին:
Ամերիկահայերը պէտք չունին աղաչելու եւ պաղատելու նախագահին, որ ան արտասանէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը: Աւելի մեծ հեղինակութիւն վայելող Ամերիկայի ղեկավար, նախագահ Ռեկըն այս բառերը արդէն իսկ օգտագործած է 1981 թուականի Ապրիլ 22ին, նախագահ Օպամայի Լոս Անճելըս կատարելիք այցէն ճիշդ 30 տարի առաջ: Նախագահ Օպամայի այցին դէմ բողոքելու միակ պատճառը անոր հասկնալ տալն է, թէ հայերը այլեւս չեն խաբուիր, երբ քաղաքական գործիչները, անոնց աջակցութիւնը ստանալու նպատակով՝ քարոզչական կեղծ խոստումներ տան, իսկ ընտրութիւններէն ետք անտեսեն զանոնք: 2012ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին հայերուն կարգախօսը պէտք է ըլլայ՝ «Ո՛չ մէկ քուէ եւ ո՛չ մէկ տոլար Օպամային»:
Ստորեւ ներկայացուած է հայկական հարցերուն վերաբերեալ նախագահ Օպամայի բազմաթիւ մեղքերուն ցանկը.
– 2008ի նախագահական ընտրարշաւին, ան բազմիցս խոստացաւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ ընտրութիւններէն ետք չկատարեց իր խոստումը:
– Աւելի վատթարացնելով հարցերը՝ անոր վարչակազմը աշխուժօրէն հակադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի 2010 թուականի բանաձեւին:
– Հակառակ իր նախընտրական խոստումին, ան զգալիօրէն նուազեցուց Հայաստանին եւ Արցախին յատկացուող արտաքին օժանդակութեան գումարը: Աւելին, անոր վարչակազմը չծախսեց Քոնկրեսի կողմէ Արցախին յատկացուած ամբողջ գումարը:
– 2009ին, ան ճնշում գործադրեց Հայաստանի վրայ, որպէսզի վերջինս տխրահռչակ «Արձանագրութիւններ»ը ստորագրէ Թուրքիոյ հետ:
– Ան փորձ անգամ չըրաւ ճնշելու Թուրքիոյ վրայ, որ վերջինիս կողմէ Հայաստանի շրջափակումը վերանայ:
– Ան լուռ մնաց՝ ի տես Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ բազմիցս հնչած ռազմատենչ կոչերուն՝ անտեսելով Արցախի ինքնորոշման աջակցելու իր նախընտրական խոստումը:
– Ան եւ իր արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը չ՛ընդառաջեցին Ամերիկայի հայկական համայնքի բազմաթիւ խնդրանքներուն՝ իրենց հետ հանդիպելու եւ իրենց մտահոգութիւնները լսելու առնչութեամբ:
– Նախորդ Սուրբ Ծննդեան տօնին, երբ Ծերակոյտը արձակուրդի մէջ կը գտնուէր, ան շրջանցեց Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներուն կողմէ «կասեցում»ը եւ Մեթիու Պրայզան նշանակեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ատրպէյճանի մէջ:
Շատ կարեւոր է, որ Ապրիլի 20ին եւ 21ին, մեծ թիւով ամերիկահայեր ոչ միայն բողոքի ձայն բարձրացնեն ընդդէմ նախագահին, այլ նաեւ իրենց պահանջները լսելի դարձնեն Օպամային այցելութիւնը լուսաբանող լրատուամիջոցներով: Այլապէս, իրենց լռութեամբ, ամերիկահայերը սխալ պատգամ կը յղեն քաղաքական գործիչներուն, թէ՝ հայերուն կեղծ խոստումներ տալով՝ անոնց դրամն ու քուէները ստանալը, եւ ընտրութիւններէ ետք զանոնք անտեսելը, որեւէ բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ այդ գործիչներուն քաղաքական ասպարէզին վրայ:
Ամերիկահայերը պէտք է արթննան իրենց թմբիրէն: Եթէ անոնք կը փափաքին, որ ընտրուած պաշտօնեաները իրենց հետ լրջօրէն վերաբերին, ապա պէտք է վարձատրեն իրենց հարցերուն աջակցութիւն ցուցաբերած պաշտօնեաները՝ օգնելով անոնց վերընտրութեան, եւ պատժեն կեղծ խոստումներ տուողները՝ աշխատելով պարտութեան մատնել զանոնք:
Քալիֆորնիա կատարելիք իր այցէն քանի մը օր ետք, նախագահ Օպամա պիտի հրապարակէ Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ իր ամէնամեայ ուղերձը, որուն մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, կը բացառուի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Հայ ընդդիմադիրները պէտք է նախագահին յստակ կերպով հասկցնեն, թէ Ցեղասպանութեան հետ կապուած բառախաղերը վիրաւորական են եւ թէ ան քաղաքական սուղ գին պիտի վճարէ՝ ճշմարտութիւնը քօղարկելուն համար:
Նախագահ Օպամա Սան Ֆրանսիսքօ պիտի գտնուի Ապրիլ 20ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Nob Hill Masonic Center-ի մէջ (1111 California Street), իսկ Քալվըր Սիթի՝ Ապրիլ 21ին, ժամը 4:30ին, Sony Studios-ի մէջ (10202 W. Washington Blvd.): Հազարաւոր հայեր ներկայ գտնուին այս երկու վայրերը, ի բողոք նախագահ Օպամայի դրժած խոստումներուն:
Ես, իբրեւ Օպամայի նախկին կողմնակից, Ապրիլ 21ին պիտի կանգնիմ Sony Studios-ին դիմաց, որպէսզի խոր հիասթափութիւնս արտայայտեմ հայկական հարցերուն նկատմամբ անոր դրսեւորած վերաբերմունքէն, եւ իրեն տեղեկացնեմ, թէ ամերիկահայերը պիտի չսատարեն իր վերընտրութեան:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմ. Ռ. Աւագեան