
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցած «Տաշիր» երաժշտական մրցանակաբաշխութեան ժամանակ՝ կազմակերպիչ Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ շարք մը երգիչներու յանձնուած շռայլ նուէրները քննադատութեան առիթ դարձած են։
Բազմաթիւ «փոփ» երգիչներ բնակարաններ եւ թանկարժէք ինքնաշարժներ նուէր ստացած էին մրցնակաբաշխութիւնը կազմակերպողներէն, որոշ զգայնութիւն յառաջացնելով դասական արուեստը ներկայացնող արուեստագէտներէն, որոնց քանի մը ներկայացուցիչները բողոքած են, թէ իրենք երբեւէ նման վերաբերմունքի չեն արժանացած: Օփերայի յայտնի երգիչ Գեղամ Գրիգորեանը, օրինակ, համոզուած է, որ ամէն մարդ «իր մակարդակ»ի ձեռնարկ կը հովանաւորէ:
«Նրանք չեն էլ նկատում լուրջ արուեստը: Ամէն մարդ իր սիրած բանին է փող տալիս», ըսած է Գրիգորեան:
«Կոմիտաս» քառեակի գեղարուեստական ղեկավար, անուանի ջութակահար Էդուարդ Թադեւոսեան, իր հերթին, կը նշէ, թէ ատոր պատճառը այն է, որ թեթեւ, էսթրատային երաժշտութիւնը աւելի հասանելի ու մատչելի է:
«Մարդիկ դա են սիրում, դա են հովանաւորում, այնպէս որ ո՛չ մեղադրելու իրաւունք ունեմ, ո՛չ էլ պահանջելու: Համոզուած եմ, որ այդ ներկայացուցիչները (փոփ աստղերը) ունեն շատ աւելի լաւ բնակարաններ եւ մեքենաներ, քան դասական ժանրի ներկայացուցիչները», կը կարծէ Թադեւոսեանը:
Երգահան, երաժշտանոցի դասախօս Վահան Բաբայեանը այս պարգեւատրումները կը համարէ «յիմարութիւն» եւ «շատ ծիծաղելի»:
«Իսկական մշակոյթը թողած, ո՞ւմ են խրախուսում: Դրա համար էլ ոչինչ տեղից չի շարժւում», կարծիք յայտնած է երգահանը:
Արձակագիր Լեւոն æաւախեան, իր հերթին, կը նշէ, թէ կանգնած է բնակարանը կորսնցնելու վտանգի առջեւ, երբ շատերը «Տաշիր»ի կողմէ բնակարաններ ստացան:
«Էս պահին, օրինակ (գործարար Սամուէլ) Մայրապետեանի կողմից իմ տունը որպէս գերակայ շահ պիտի իրացուի: Ինձ իմ տանից դուրս են անում, իսկ ուրիշներին տուն են տալիս, էն էլ ո՞ւմ, էսթրատայի էժանագին աստղերին», ըսած է զայրացած արձակագիրը:
Շատ արուեստագէտներ ալ կը կարծեն, որ այս ամէնը աւելի կը խորացնէ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող հասարակական անարդարութիւնը:
Նշենք, որ մրցանակաբաշխութենէն անմիջապէս ետք, սոցիալական ցանցերու (Ֆէյսպուք) մէջ յայտնուեցաւ կոչ մը՝ ուղղուած բնակարաններ ստացող արուեստագէտներուն, ուր յորդորելով զանոնք իրենց նուէրները փոխանցել անօթեւան կարիքաւորներու: