ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքը սպաննած ոճրագործ Օկիւն Սամասթ Երկուշաբթի, Ապրիլ 4ին դատուեցաւ Պոլսոյ անչափահասներու թիւ 2 դատարանին առջեւ։ Այս մէկը դատավարութեան ներկայ հանգրուանի երկրորդ նիստն էր։ Ինչպէս յայտնի է, դատական իշխանութիւնները որոշած էին, որ Սամասթ դատուի անչափահասներու դատարանի կողմէ, քանի որ սպանութեան թուականին տակաւին չափահաս չէր ան։ Տինքի ընտանիքը, որ այս որոշումին դէմ կու գայ, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն՝ ներկայ չգտնուեցաւ Երկուշաբթի օրուան նիստին, բայց կարեւոր իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ, երբ Սամասթ նամակ մը յանձնեց դատաւորին ու պնդեց, թէ ինք կը զղջայ, որովհետեւ Տինքը սպաննելու գործին մէջ զինք շահագործած են։ Ան պատասխանատու նկատեց Եասին Հայալն ու այն թերթերը, որոնք այդ շրջանին Հրանդ Տինքը կը ծանօթացնէին որպէս հայրենիքի թշնամի։ Սամասթ պնդեց, թէ ինք այդ թերթերուն գործածած վերտառութիւններուն զոհը եղած է։
Սամասթ դատարան յանձնած իր նամակին մէջ ըսաւ, որ ինք հիմա ամէն ինչ պիտի պատմէ, որովհետեւ զղջացած է եւ իր երիտասարդութիւնը կը հալի բանտին մէջ։ Ան պատմեց, որ ոճիրը գործեց Եասին Հայալի պարտադրութեան տակ ու տարուելով երիտասարդական տարիքի տգիտութենէ։ «Զարնելէ առաջ ալ պիտի հրաժարէի, բայց յիշեցի Եասին Հայալը ու վախցայ անկէ։ Յիշեցի այն թերթերը, որոնք Հրանդ Տինքը ցոյց կու տային որպէս հայրենադաւ։ Այդ պահուն ես զիս կորսնցուցի ու զարկի։ Եթէ հիմա ըլլար, չէի զարներ։ Կ՛երթայի ու իրեն հետ կը վիճէի։ Թերեւս ալ ես իրաւացի կ՛ելլէի։ Իսկ հիմա կը դատուիմ։ Բայց ո՞ւր են անոնք, որոնք զիս հոս հասցուցին։ Անոնք ինչո՞ւ չեն դատուիր»։
«Անոնք, որոնք այս գրութիւնները կը գրէին, չէի՞ն գիտեր, որ կարգ մը երիտասարդներ կրնան չարիքներ գործել՝ տարուելով իրենց տգիտութենէն ու ազգային զգացումներէն։ Գիտէի՛ն, ու անոնց նպատակն ալ այս էր արդէն։ Ես զոհ գացի, գոնէ ուրիշները չերթան։ Ես գանգատ ունիմ «Հիւրրիյէ»չ, «Վաթան» թերթերուն մէջ այդ վերնագիրները գործածողներուն դէմ», գրած է Սամասթ չորս էջերէ բաղկացած իր նամակին մէջ։
Նիստին ընթացքին նաեւ ունկնդրուեցան հինգ վկաներ։ Անոնք պատմեցին, թէ ի՛նչ տեսան ոճիրը գործադրուած վայրկեանին։ Իսկ Տինքի փաստաբաններէն Պահրի Պելեն նիստէն ետք դիտել տուաւ, որ Սամասթի նամակը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ասիկա առաջին անգամն է, որ ան այս կերպով կ՛արտայայտուի։ Ան հետաքրքրական գտաւ այն, որ Սամասթ կ՛ամբաստանէր թերթերու կողմէ գործածուած վերնագիրները. «Սամասթ հիմա ամբաստանեց ուղղակի զինք գրգռողները ու այս է, որ կը տիրապետէ այս ոճիրի ոգիին մէջ։ Դուք լրագրողի մը մտածումները կրնաք չսիրել, բայց ատոր համար այդ լրագրողը չի սպաննուիր։ Սամասթին այսօր ըսածները կը հաստատեն այն, ինչ մենք առաջին վայրկեանէն ի վեր կը պաշտպանենք։ Ապագայի առումով յուսալից եմ. օր մը կրնան երեւան հանուիլ այն անձերը, որոնք այս սպանութեան ետին կանգնած էին», ըսաւ Տինքի փաստաբանը։