
ԿՈՏԱՅՔ, «Այսօր».- Մարտ 31ին, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Աբովեան քաղաքի Նիկոլա Վանեանի անուան թիւ 5 միջնակարգ դպրոցին մէջ մասնակցած է զոհուած ազատամարտիկ, «Արցախ» գունդի հրամանատար Նիկոլա Վանեանի ծննդեան 50ամեայ յոբելեանի եւ կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան՝ խոնարհելով արցախեան ազատամարտի հերոսի յիշատակին։
Նախարարը իր խօսքին մէջ նշած է, թէ արցախեան յաղթանակները հնարաւոր չէին ըլլար, եթէ չըլլային մարտական տղաներու հերոսութիւնն ու անձնազոհութիւնը:
«Մենք այսօր մեծագոյն պարտաւորուածութիւն ունենք պահպանել նրանց արեամբ ձեռքբերուած յաջողութիւնները եւ շարունակել նրանց կիսատ թողած գործը», ընդգծած է նախարարը: