
ՀՐԱԶԴԱՆ, «Թերթ».- Չինական «Ֆորչիւն Օյլ» ընկերութեան ձեռք ձգած հանքավայրերը պիտի շահագործուին Հրազդանի բնակեցուած շրջանէ մը 630-650 մ. հեռաւորութեամբ:
Հրազդանի քաղաքապետարանի դիմացի հրապարակին վրայ Մարտ 31ին տեղի ունեցաւ ընդդէմ երկաթի բաց հանքերու շահագործման բողոքի ցոյցը: Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցան շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու նախագահներ, բնապահպաններ՝ իրենց վրդովմունքը յայտնելով բնակութեան վայրի չափազանց մօտ երկաթի հանքի բաց շահագործման ծրագրին առնչութեամբ:
Բնապահպան Կարինէ Դանիէլեան նշեց, որ օդային աւազանը այս շրջանին մէջ արդէն բաւական ապականած է, եւ բաց հանքի շահագործումով Հրազդան գետի աղտոտուածութիւնը պիտի աւելնայ ծանր մետաղներով, իսկ օդի եւ հողի աղտոտուածութիւնը՝ երկաթի փոշիով:
Կանաչներու միութեան նախագահ Յակոբ Սանասարեան, իր հերթին, նշեց, որ եթէ Հրազդանը դառնայ հանքամշակման կեդրոն, շրջապատի հանքերէն եւս հանքանիւթը այնտեղ պիտի տարուի մշակելու համար: Երկու–երեք տարի ետք, ըստ անոր, այդտեղ հնարաւոր պիտի չըլլայ ապրիլ:
Բողոքի ցոյցի ընթացքին հրապարակուեցան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի բնապահպաններու կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները, ըստ որոնց՝ առաջին բնակարանները կը գտնուին շահագործուելիք հանքավայրէն 630-650 մ. հեռաւորութեան վրայ, որ բնապահպանական չափանիշի կոպիտ խախտում է:
Հնչեցին միասնական եւ սկզբունքային պայքարը մինչեւ աւարտ հասցնելու կոչեր:
Ցուցարարները նշեցին, որ պիտի պառկին չինական մեքենաներու անիւներուն առջեւ եւ թոյլ չտան, որ անոնք գործեն շրջանին մէջ ու վտանգեն իրենց երեխաներուն առողջութիւնը:
«Հայաստանի տարածաշրջանային մտաւորականներ» Հասարակական կազմակերպութեան (ՀԿ) նախագահ Յակոբ Գաբրիէլեան նշեց, որ խաբկանք են այն յոյսերը, թէ այս հանքի շահագործումվ աշխատանք պիտի ունենան բազմաթիւ գործազուրկներ: Ըստ անոր՝ Զովաբեր գիւղի մօտ կայ բաց տարածք, ուր կը կառուցուի փոքրիկ աւան՝ 10001500 ընտանիքի համար. այդտեղ պիտի ապրին բաց հանքի մէջ աշխատող չինացիներուն ընտանիքները: Գաբրիէլեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Կոտայքի մարզը միակն է, որ սահմանամերձ չէ, եւ այս ծրագիրը կրնայ ռազմավարական առումով վտանգաւոր ըլլալ:
Նշենք, որ Հրազդանի երկաթահանքը (ինչպէս նաեւ Աբովեանի եւ Սիւնիքի մարզի Սվարանց գիւղի երկաթահանքերը) կը տնօրինէ Bounty Resources Armenia ընկերութիւնը: Վերջինիս 35 տոկոս բաժնետոմսերը 24 միլիոն տոլարով այս տարուան Յունուարին ձեռք բերած է չինական «Ֆորչիւն Օյլ» ընկերութիւնը: