
ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Մարտ 29ին Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստան շրջանը այցելեց, մէկ օր առաջ Պաղտատ այցելելէ ետք:
Էրտողան Արպիլի մէջ հանդիպում ունեցաւ քրտական մարզի ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ, զոր անուանեց «իմ լաւ բարեկամը»՝ փոձելով մոռացումի մատնել Պարզանիի ու այլ քիւրտ ղեկավարներու հետ անցեալի հակամարտութիւնները։ Պարզանի եւս յայտնեց, թէ իրեն համար մեծ պատիւ էր ընդունիլ Թուրքիոյ վարչապետը։ Արպիլի փողոցները զարդարուած էին Իրաքի, Քիւրտիստանի ու Թուրքիոյ դրօշակներով։
Յատկանշական է նաեւ, որ Էրտողանի ժամանումէն քանի մը ժամ առաջ, թիւրքմէն մը նախագահ նշանակուած էր Քերքուքի նահանգային խորհրդարանին, արաբներու, քիւրտերու եւ թիւրքմէններու միջեւ կռուախնձորի վերածուած այդ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով: Էրտողան Արպիլի մէջ մասնակցեցաւ թրքական 2 ընկերութեանց կողմէ կառուցուած օդակայանի բացման, որուն շնորհիւ Արպիլի ու Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի թռիչքներ պիտի սկսին: