
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Խորհրդանշական հացի օրհնութեամբ, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան Մարտ 30ին դադրեցուց հացադուլը:
Ազատութեան հրապարակին վրայ իր հացադուլի 15րդ օրը, ժողովուրդին ուղղած իր խօսքին մէջ ան յայտարարեց հացադուլը դադրեցնելու մասին: Ան Գրիգոր քհնյ. Յովհաննիսեանին խնդրեց խորհրդանշական հացի օրհնութեամբ՝ «Ազատութեան տօնի առաջին արարը աւարտուած համարել»:
«Բայց ասիկա դեռ չի նշանակեր, որ մեր պայքարը կ՛աւարտի», յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Հոգեւոր սպասաւորը աղօթքէն ետք, Ր. Յովհաննէսեան օրհնուած հացէն կտոր մը կտրեց ու կերաւ:
Ազատութեան հրապարակին վրայ ժողովուրդին ուղղուած իր ուղերձը Րաֆֆի Յովհաննէսեան սկսաւ Մահաթմա Կանտիի հետեւեալ խօսքերով. «Նախ կ՛անտեսեն քեզ, ապա կ՛արհամարհեն, այնուհետեւ կը յարձակին վրադ, իսկ ապա՝ կը յաղթես»:
Յայտարարելով «Ազատութեան ծոմի առաջին արարի աւարտ»ին մասին՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան նշեց, որ ինք այդ որոշումը կը կայացնէ ոչ միայն հացադուլը դադրեցնելու մասին իրեն ուղղուած բազմաթիւ կոչերուն պատճառով, այլեւ այն պատճառով, որ երէկ բժիշկները իրեն ըսած են, թէ ինք կը թեւակոխէ առաւել վտանգաւոր եւ անկանխատեսելի շրջան: Հացադուլը դադրեցնելու մէկ այլ պատճառ եղած է Յովհաննէսեանի դստեր՝ Շուշիի, մօտալուտ 18րդ տարեդարձը, զոր ընտանեկան յարկի տակ նշելու պարտաւորութիւնը զգացած է Րաֆֆի:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը քանի մը անգամ շեշտեց, որ հացադուլին դադրեցումով պայքարը չ՛աւարտիր, աւելին, անիկա պէտք է շարունակուի «նոր շունչով, նոր լիցքով, նոր բանաձեւով եւ նոր Հայաստանի նոր հաւատամքով», ըսաւ ան:
«Ասիկա երկար շղթայի մի փոքր օղակն է, որ տեղի ունեցաւ այս հրաշալի հրապարակին վրայ վերջին 15 օրերուն ընթացքին: Ես եւ մենք միասին, դարձեալ պէտք է վերադառնանք հրապարակ, ամ-պիոններ, սահմանէ սահման, յաջորդիւ քաղաքական եւ քաղաքացիական գնահատական տալով մեր երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրներուն, գործող իշխանութեան իրական պահուածքին, ընդդիմութեան շատ լուրջ հիմնախնդիրներուն եւ առաջին հերթին՝ այն քայլերուն, միջոցներուն, որոնք անհրաժեշտ են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար», յայտարարեց Յովհաննէսեան: