ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Մարտ 20ին կայացած Լոս Անճելըսի Մարաթոնին ընթացքին, խումբ մը հայորդիներ առիթը օգտագործած են «Ռիլ Մետիսին» հիմնարկին միջոցաւ դրամահաւաք կատարելու համար:
Հակառակ տեղացող անձրեւին, Մարաթոնի մասնակիցներուն մէկ մասը ամբողջացուց 5 քլմ. վազքը, իսկ ուրիշներ՝ ամբողջ մրցումը (26.2 մղոն), գոյացնելով 22,000 տոլար գումար մը, որուն մէկ մասը պիտի յատկացուի նաեւ Ճափոնի երկրաշարժէն ու ծովաշարժէն տուժած քաղաքացիներու:
Հայաստանի մէջ, «Ռիլ Մետիսին» հիմնարկը իր աշխատանքը կեդրոնացուցած է Շինուհայր գիւղին մէջ գործող դարմանատան վրայ, որ երեխաներու եւ մայրերու բժշկական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ մօտակայ 7 գիւղերու մէջ եւս:
Երեխաներու պատուաստումներու կողքին, դարմանատունը շտապ օգնութեան ու խորհրդատուական սպասարկութիւններ, ինչպէս նաեւ ձրի դեղորայք կը տրամադրէ շրջանի բնակչութեան:
Հիմնարկը մարդասիրական աշխատանք կը տանի աշխարհի տարածքին: Անոր գործունէութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կարելի է գտնել www.realmedicinefoundation.org կայքին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.