
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մերի Եովանովիչ Մարտ 28ին այցելած է 13րդ օրը հացադուլի մէջ գտնուող ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին:
Դեսպանին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին, ըստ Յովհաննէսեանի, կողմերը անդրադարձած են իր առողջական վիճակին, Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու խնդիրներուն, երկրի ներկայ օրհասական իրավիճակին եւ ներքաղաքական կացութեան: Րաֆֆի Յովհաննէսեան Մ. Եովանովիչին յայտնած է, թէ Հայաստանը պէտք է արմատական լուծումներ տայ երկրին մէջ կուտակուած խնդիրներուն:
Պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ ԱՄՆի դեսպանը յորդորա՞ծ է հացադուլը դադրեցնել՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան ըսած է, որ դեսպանը լռութեամբ յորդորած է այդ մէկը, «բայց ոչ խօսքով»:
Իր կարգին, Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Յովսէփ Խուրշուդեան յայտնած է, թէ ասիկա առաջին դեսպանը չէ, որ այս ընթացքին այցելած է Րաֆֆի Յովհաննէսեանին: «Նրան այս ընթացքում այցելել են մեր երկրում գտնուող մի շարք դեսպաններ, այդ թւում՝ Հայաստանում Գերմանիայի, Եւրամիութեան դեսպանները», աւելցուցած է Խուրշուդեան։
Անդրադառնալով Յովհաննէսեանի առողջական վիճակին՝ կուսակցութեան մամլոյ խօսնակը նշած է, թէ իրենց առաջնորդին առողջական վիճակը կայուն է եւ ճնշման տատանումները բաւական կայունացած են։
Լրագրողներու կողմէ Յովհաննէսեանի ուղղուած այդ հարցումին, թէ ի՞նչ արդիւնք տուած է գրեթէ երկու շաբաթ տեւած անոր հացադուլը՝ Յովհաննէսեան պատասխանած է, թէ երկրին մէջ տակաւին չկայ «որեւէ բան փոխելու իշխանական գիտակցութիւն»: Տարբեր պաշտօնեաներու այցելութիւնները Յովհաննէսեանը կը դիտէ իբրեւ՝ քաղաքավարական այցելութիւններ:
«Իշխանութիւնները գիտեն այդ գլխագիր Ս-ով սխալի մասին, որուն մէջ մենք կ՛ապրինք, եւ ինչ քայլեր իրենք պէտք է կատարեն՝ նոր ընտրութիւններէն մինչեւ հասարակական-տնտեսական քաղաքականութեան փոփոխութիւն, արտագաղթի կանխում, Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատագրում եւ ընդհանրապէս՝ Հայաստանի իրաւական երկիր դարձնելու հրամայականը», ըսաւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան առաջնորդը ու աւելցուց. «Պատրանք չեմ տածեր, ատիկա մէկ օրուան կամ մէկ շաբաթուան խնդիր չէ, բայց ես կ՛ակնկալէի, որ մեր իշխանութիւնները պիտի հասկնան, որ իրենք տակաւին ունին պետական պատասխանատուութեան վերջին պաշարը եւ պարտքը, խիղճ ու գիտակցութիւն՝ արմատական քայլեր եւ լուծումներ տալու այս օրհասական վիճակին»:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ քայլի պարագային դուրս կու գայ իր հացադուլէն՝ Յովհաննէսեան պատասխանեց. «Իբրեւ օրինակ, ոչ իբրեւ որեւէ գիտակցական պահանջ, եթէ բովանդակային յստակ ուղերձներ ըլլային՝ նոր ընտրութիւններէն մինչեւ բովանդակային այլ առաջարկներ, ի հարկէ, ես կրնայի նոյնիսկ տեղւոյն վրայ վերանայիլ հացադուլը: Բայց եթէ ինքը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, նման բան ունէր ըսելու, ինծի կը թուի, որ երկու շաբաթը բաւարար ժամանակ էր, որ գոնէ ոչ միայն մարդկայնօրէն, այլ նաեւ քաղաքականապէս իբրեւ պետականութիւն կրող՝ ինծի ըսելիք ունենար ան»:
Յովհաննէսեանի կարծիքով, Սերժ Սարգսեան դրական յատկանիշներ ունի, բայց եւ «կատարած է քաղաքական էական սխալներ» արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ միախառն կառավարութեան յուշագիրը ստորագրելով: Սակայն Յովհաննէսեան կը կարծէ, որ նախագահը պիտի կարենայ «պետութեան սիրոյն քայլեր կատարել» եւ ժողովուրդը «հեռու պահել վաղուան վտանգներէն»:
«Յետաձգելով այսօրուան պայթիւնավտանգ վիճակը՝ մենք միայն կը բարձրացնենք արեան հնարաւորութիւնը, որ բնաւ ցանկալի չէ մեր պետութեան եւ ժողովուրդին համար», ըսաւ Յովհաննէսեան:
Նշենք, որ Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան Մարտ 26ին այցելած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիրին եւ հետաքրքրուած անոր առողջական վիճակով, որուն ի պատասխան՝ Յովհաննէսեան յայտնած է, թէ վրանը տեղադրելէ ետք «ամէն ինչ լաւ է»:
Ալիկ Սարգսեան պարզաբանած է այդքան ժամանակ վրանի տեղադրումը արգիլած ըլլալուն պատճառը՝ ըսելով, թէ ուրիշ ուժեր ալ մտադիր էին, առիթէն օգտուելով՝ վրան տեղադրել այնտեղ: «Իսկ թոյլ տալ, որ ամէն մէկը վրան տեղադրի քաղաքի կեդրոնում՝ չի կարելի», նշած է Ա. Սարգսեան:
Նոյն օրը Յովհաննէսեանին այցելած է նաեւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեանը եւ հետաքրքրուած անոր առողջական վիճակով: Հացադուլի վտանգաւոր հետեւանքները ներկայացնելով Յովհաննէսեանին՝ առողջապահութեան նախարարը յորդորած է հրաժարիլ հացադուլէն։
Քուշկեան իր այցին առնչութեամբ ըսած է, թէ «Ուզում էի տեղեկանալ առողջական վիճակի մասին: Չնայած արդէն 11րդ օրն էր, առոյգ էր»:
Այն հարցումին, թէ իբրեւ բժիշկ՝ ինչպէս կը գնահատէ Յովհաննէսեանի առողջական վիճակը, Յարութիւն Քուշկեան պատասխանած է՝ «բաւարար»: Ան նաեւ նշած է, թէ ինք ինքնակամ որոշած է այցելել Յովհաննէսեանին. «Այո, ե՛ս եմ որոշել: Յորդորել եմ թողնել հացադուլը, քանի որ օրգանիզմի համար արդէն վնասակար է երկարատեւ հացադուլը», աւելցուցած է ան:
Մարտ 27ին, «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան առաջնորդին դիմած են Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Մասիս Մայիլեանը, Ղարաբաղի ԱԺ նախկին պատգամաւոր, «Անալիտիկոն» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գեղամ Բաղդասարեանը, «Արցախի եւրոպական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հայկ Խանումեանը, քաղաքագէտ Ալեքսանդր Քանանեանը, ԼՂՀ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Ներսէս Օհանջանեանը, ղարաբաղեան շարժման առաջամարտիկ Գագիկ Աւանէսեանը եւ նախկին պատգամաւոր Տիգրան Կիւրեղեանը:
Այսօր՝ Մարտ 29ին, Րաֆֆի Յովհաննէսեանին կ՛այցելէ ՀՀ աւելի քան 25 հանրակրթական դպրոցներու աշակերտներ՝ անոր կոչ ուղղելով դադրեցնելու հացադուլը եւ իր գործունէութիւնը շարունակելու պետական եւ միջազգային այլ ատեաններու մէջ։