ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 3ին, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի պիտի ունենայ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ Ցեղասպանութեան ուրացման նոր արշաւը» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ մը: Օրուան բանախօսն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Նազարէթ սրկ. Քիրազեանի:
Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.