ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզ, Շաբաթ, Մարտ 12ի յետմիջօրէին, իր կնոջ ընկերակցութեամբ այցելած է ՀԲԸՄի Փասատինայaի կեդրոնը, ուր ան դիմաւորուած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄի շրջանակային վարչութեան ատենապետ Հայկ Մսըրլեանի, վարչութեան վարիչ գործավար Եասմին Ալփայի ու արուեստի բաժանմունքի վարիչ Գրիգոր Սաթամեանի կողմէ:
Ոստիկանապետը առաջնորդուած է մարզասրահ, ուր զինք դիմաւորած են սկաուտները, իսկ ողջոյնի խօսք արտասանած է ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Սոյլէմեզեանը:
Սկաուտներու կարճ ներկայացումէ մը ետք, Հայկ Մսըրլեան ելոյթ ունեցած է՝ ներկայացնելով ՀԲԸՄի իրագործումները, իսկ Եասմին Ալփայ, ներկայացնելէ ետք ոստիկնապետին յակիրճ կենսագրութիւնը, զայն բեմ հրաւիրած է:
Ոստիկանապետ Սանչեզ, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք իրեն ընծայուած այս առիթին համար, շեշտած է, թէ քաղաքին մէջ պաշտօնավարութեան 8 ամիսները գոհացուցիչ եղած են: Ան դրուատած է ՀԲԸՄի գործունէութիւնը՝ միաժամանակ նշելով սկաուտութեան կարեւորութիւնը, զայն լաւ քաղաքացիներ կերտելու հնոց մը նկատելով: Ան ողջունած է այն իրողութիւնը, որ մասնաճիւղը ունի «Արծիւ» աստիճանի հասած սկաուտներ, նշելով, որ 500 սկաուտներէն միայն մէկը այդ մակարդակին կը հասնի:
Աւարտին, ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Սոյլեմեզեան ու սկաուտներու պատասխանատու Ցոլեր Ուքայեան, յատուկ այս այցելութեան առիթով յուշատախտակ մը յանձնեցին ոստիկանապետին, որմէ ետք հիւրերը այցելեցին համալիրին մէջ գտնուող ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը՝ ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի դոկտ. Գալին Քարկոտորեանի: Նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, «Պոյաճեան» սրահին մէջ:
(Գէորգ Քէշիշեանի անգլերէն թղթակցութենէն)