Լոս Անճելըսի եւ շրջակայքի հայութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցը պիտի նշէ պաշտօնական յուշահանդէսով մը՝ Մոնթեպելլոյի, Պիքնել Փարքի Հայկական Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ, Շաբաթ, Ապրիլ 23ին:
Յուշահանդէսի բաժինը պիտի ընդգրկէ՝ պատգամներ հայ եւ օտար քաղաքական դէմքերու կողմէ, հոգեհանգստեան պաշտօն՝ մասնակցութեամբ գաղութի բոլոր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն, եւ ծաղկեփունջերու զետեղում՝ մասնակից կազմակերպութիւններուն կողմէ: Յուշահանդէսի պաշտօնական բաժինը պիտի սկսի ժամը 11:00ին եւ տեւէ մինչեւ ժամը 1:00:
Յուշահանդէսի կազմակերպութիւնը ստանձնած է Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը: Սոյն Մարմինը կազմուած է Լոս Անճելըսի հայկական կազմակերպութիւններու հիմնական մեծամասնութեան ներկայացուցիչներէն:
Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը սոյն կոչով կը դիմէ շրջանիս բոլոր հայորդիներուն անպայմանօրէն ներկայ ըլլալու սոյն յուշահանդէսին, ինչպէս նաեւ խուռներամ մասնակցութիւն բերելու գաղութէն ներս կազմակերպուող ու Եղեռնի տարելիցին նուիրուած բոլոր միջոցառումներուն:
Միացեալ Մարմինը սոյն հաղորդագրութեան ճամբով կոչ կ՛ընէ նաեւ գաղութի կազմակերպութիւններուն, որոնք կը փափաքին մաս կազմել Միացեալ Մարմինին եւ սակայն ցարդ առիթը չեն ունեցած մասնակից ըլլալու իր աշխատանքներուն, ներկայանալ գործադիր մարմինի՝ Դիւանի նիստերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Հինգշաբթի օրերը, ժամը 7:00ին, Հայ Կրթական Հիմնարկութեան գրասենեակին մէջ, 600 W. Broadway #130, Glendale:
Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման
Միացեալ Մարմին – Լոս Անճելըս
Քարտուղարութեան հեռախօս՝ 818.400.5007