ՊԱՔՈՒ, «ՓանԱրմինիըն».- Ատրպէյճանի նախագահի նախկին խորհրդական Վաֆա Կիւլիզատէ, ատրպեճանական «Ենի Մուսաւաթ» թերթին մէջ հրապարակած յօդուածով նշած է, որ եթէ Արեւմուտքին կողմէ աջակցութիւն չըլլար, հայկական զօրքերը 1994ին կը գրաւէին Ատրպէյճանի տարածքին մեծ մասը:
Ըստ Կիւլիզատէի, 1994 Մայիսին, Ղարաբաղի մէջ հրադադարի մասին համաձայնագիրին կնքման ընթացքին վճռական եղած է քարիւղին գործօնը: Նախկին խորհրդականը յիշեցուցած է, որ հակառակ պարագային, հայկական զօրքերը պիտի կարենային հասնիլ Կուռ գետի ափը, ինչ որ կը վտանգէր Ատրպէյճանի գոյութիւնը: «Միայն ԱՄՆի հետաքրքրութիւնը Ատրպէյճանի հանդէպ թոյլ չտուաւ իրագործելու այդ ծրագիրները», աւելցուցած է Կիւլիզատէն:
Կիւլիզատէ կը պնդէ, թէ Ատրպէյճանի ուժանիւթին աղբիւրները եւ տարանցիկ հնարաւորութիւնները պաշտպանեցին երկիրին անկախութիւնը. «Եթէ չըլլային ամերիկեան շահերը, Ատրպէյճանի անկախութիւնը ձեւական պիտի ըլլար: Քարիւղի գործօնն էր, որ կ՛ապահովէր Ատրպէյճանի նշանակութիւնը արեւմտեան պետութիւններուն համար: Ատրպէյճանի քարիւղը, կազը, տարանցիկ ներուժը կը բարձրացնեն անոր դերը Արեւմուտքին մօտ եւ առիթ կու տան դիմակայելու Ռուսիան», ըսած է Կիւլիզատէ՝ աւելցնելով, որ մեծ ընդելուզումը Արեւմուտքին հետ միայն կրնար ամրապնդել Պաքուի միջազգային դիրքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.