
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Էրիկ Ֆրիտլըրի «Աղէտ. Ցեղասպանութիւն» վաւերագրական շարժապատկերը, որ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ստացած է գերմանական պատկերասփիւռի «Ատոլֆ Կրիմէ» մրցանակը՝ «Տեղեկատուութիւն եւ մշակոյթ» անուանակարգին մէջ, կը յայտնէ «Նուվէլ տ՛Արմէնի»ն (Nouvelles dArmenie):
Նշեալ մրցանակը հեղինակաւոր մրցանակ մըն է, որ կը շնորհուի Գերմանիոյ մէջ հեռատեսիլի ժապաւէններուն: Անիկա կը շնորհուի ամէն տարի Մարտ ամսուն, «Ատոլֆ Կրիմէ» հիմնարկին կողմէ՝ 1964էն ի վեր: