
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութիւնը Շաբաթ, Մարտ 19 թուակիր յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Երեքշաբթի, Մարտ 15էն ի վեր, Երեւանի Ազատութիւն հրապարակին վրայ հացադուլի դիմած Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին:
Ր. Յովհաննէսեան, որ նաեւ հիմնադիրն է Հայ իրաւաբաններու միութեան, ցոյցին ընթացքին կլիմայական խիստ պայմաններէն ինքզինք պաշտպանելու արտօնութիւն չէ ստացած երկրի ապահովական մարմիններէն: Ոստիկաններու այս դիրքորոշումը մարդկային իրաւանց տարրական ոտնակոխում կը նկատուի Հայ իրաւաբաններու միութեան կողմէ, որ գիշերները փոքր վրանի մը տակ ապաստանելու դիմումին մերժումը «ցնցի»չ կ՛որակէ:
Իշխանութիւնները նաեւ շրջափակած են հրապարակը՝ սահմանափակելով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի այցելուներուն թիւը:
Հայ իրաւաբաններու միութիւնը կոչ կ՛ընէ Հայաստանի իշխանութեանց, որ վերջ տան մարդկային իրաւանց նման ոտնակոխումներու եւ չսահմանափակեն իրենց քաղաքացիներուն արտայայտուելու իրաւունքը, միաժամանակ երաշխաւորելով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի ապահովութիւնը: