Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ նախաձեռնութեամբ 30ամեակի յանձնախումբին, Ուրբաթ, Մարտ 4ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն՝ նուիրուած Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 30ամեակին։ Ներկայ էին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Խաժակ Տիգիճեան, թեմի Կրօնական եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ, ծխական եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ, երեսփոխաններ, սարկաւագաց եւ դպրաց դասեր, Տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչներ, երիտասարդական միութեանց անդամներ, դպրեվանքի սաներ, ինչպէս նաեւ միութենական ներկայացուցիչներ եւ շուրջ 400 հաւատացեալներ։ Երեկոյթի հիւրընկալներն էին Դպրեվանքի նախկին սաներէն՝ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեան բարերար ամոլը։
Հանդիսավար Սոնա Մատարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Խաչիկ Թիթիզեան, յանուն եկեղեցւոյ եւ ծխականներուն, անփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց հայր սուրբին կենսագրականը՝ վեր առնելով անոր հոգեւոր ծառայութեան զանազան դաշտերը, որպէս կոչումի տէր եկեղեցական ու հոգեւոր հովիւ, մտաւորական ու դաստիարակ, հոգեշունչ քարոզիչ, հեղինակ եւ ուսուցիչ ու գործունեայ հոգեւոր մշակ։ Շնորհաւորելէ ետք հայր սուրբի հոգեւոր ծառայութիւնը, ան քաջառողջութիւն եւ բեղմնաւոր գործունէութիւն մաղթեց: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց 30ամեակի յանձնախումբին ու յատկապէս՝ Յակոբ æաղացպանեանին, Սեդա Դարբինեանին ու Կարօ Էշկիեանին։
Սեղաններու օրհնութենէն ետք, Էլենա Աւանէսեան եւ փոքրիկն Գէորգ Մկրտչեան հանդէս եկան երգով ու արտասանութեամբ։
Թեմի կրօնական ժողովին անունով, Պարթեւ վրդ. Կիւլիմեան եւս վեր առաւ հայր Միւռոնի հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին երեսուն տարիներու հոգեւոր ծառայութիւնը, որպէս արժանաւոր հոգեւոր մշակ, եկեղեցւոյ խորհուրդները մատակարարող, հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքները բաւարարող, Ս. սեղանին պատարագիչ ու ննջեցեալներու հոգիները հանդերձեալ կեանք ճանապարհորդող։
Ֆրեզնոյէն ժամանած Մարք սրկ. Շիրին, որպէս հայր սուրբին նախկին դասընկեր եւ տարիներու գործակից, դիպուկ վկայութիւններով վեր առաւ հայր Միւռոնի նկարագիրի գիծերը, շեշտելով, որ ան իբրեւ հոգեւոր մշակ ու ներհուն մտաւորական, կազմակեպչական հարուստ փորձառութեամբ, Ֆրեզնոյի հայ համայնքէն ներս օգտակար գործունէութիւն ծաւալած է. իր օրով բացուած է Շաբաթօրեայ հայկական վարժարանը, Երիտասարդաց միութիւնը, նաեւ «Ձայն» պարբերաթերթը կանոնաւոր կերպով լոյս ընծայուած է եւ կանոնաւորուած՝ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը։
Ազգ. առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ հայր Պարթեւին, երկու երգերով հանդէս եկաւ, իսկ Գագիկ Պատալեան, աշուղական եւ դասական երգերու բացառիկ ներկայացումով, խանդավառեց մթնոլորտը։ Ապա հայր սուրբին հոգեւոր ծառայութեան բնագաւառները բնութագրող ու կեանքին զանազան հանգրուանները ներկայացնող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ։ Նաեւ, Պաղտիկ Էքմէքճեան ապրումով կարդաց հայր սուրբին համար գրած մէկ ոտանաւորը՝ «Քեզի Համար»ը։
Յակոբ æաղացպանեան, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին անունով, շնորհաւորեց հայր սուրբը, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր անդաստանէն ներս անոր երեսնամեայ հարուստ եւ արդիւնաւէտ ծառայութեան, յատկապէս այս վերջին տարիներուն, կիրակնօրեայ դպրոցներուն մատուցած իր անսակարկ նուիրումին ու հետեւողական ջանքերուն համար, նշելով, որ ան նպատակադրած է Կիրակնօրեաներու կրթական մակարդակի բարելաւումն ու կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ ուսումնական ծրագիրի կանոնաւորումը։
Ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, Ազգ. վարչութեան անունով իր բարեմաղթութիւններուն առընթեր, շնորհաւորեց հայր սուրբի երեսնամեայ ծառայութիւնը՝ իբրեւ Կիլիկեան Ս. աթոռի միաբան, որ իր երիտասարդ տարիներուն ջանաց լաւագոյնը իրագործել ու հայ եկեղեցւոյ ճամբով ծառայել մեր թանկագին հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ միաբանակից եւ դպրեվանքեան օրերէն հայր սուրբը մօտէն ճանչցող, վկայակոչեց անոր հայ հոգեւորականի բարեմասնութիւնները, անձնդիր նուիրումը հայ եկեղեցական արժէքներուն, հաւատքի տոկունութիւնը եւ մանաւանդ՝ լուռ եւ համբերատար աշխատասիրութիւնը։ Ապա ըսաւ, որ հայր սուրբը իր բարի ու հեզ նկարագիրով, կը համընկնի աւետարանական այն խօսքին, զոր Յիսուս, նախքան իր աշակերտները քարոզչութեան ուղարկելը, թելադրեց. «Ըլլալ աղաւնիի պէս անմեղ եւ օձի նման խորագէտ»: Ապա առաջնորդը հայր սուրբին վիզէն ականակուռ լանջախաչ մը անցուց եւ անոր մաղթեց նոր վաստակի կերտում ու բարձրացում՝ ծառայական կեանքի աստիճաններէն վեր։
Խանդավառ մթնոլորտի մեջ բեմ հրաւիրուեցան Խաչիկ Թիթիզեան եւ տէր եւ տիկ. Սարգիս ու Նունէ Սեփեթճան ամոլը, որպէսզի հայր սուրբին կողքին երեսնամեակի կարկանդակը կտրեն։
Սրտի խօսքով հանդէս գալով՝ հայր Միւռոն երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդին, յոբելինական հանդիսութեան իր հովանաւորութիւնը ընծայելուն, ինչպէս նաեւ անոր արտայայտած ազնիւ խօսքերուն ու բարեմաղթութիւններուն համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Խաժակ Տիգիճեանին, թեմիս Կրօնական ու Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներուն, հիւրընկալ ամոլին, եկեղեցիներու հոգաբարձական, երեսփոխանական, տիկնանց, սարկաւագաց, դպրաց եւ ուսուցչաց կազմերուն, բարեկամներուն, հիւրերուն եւ ներկայ բոլոր հայորդիներուն։
«Դուք, ձեր ներկայութեամբ, ոչ թէ իմ անձս պատուեցիք, այլ Կիլիկեան մեր դարաւոր Ս. աթոռը ու անոր նուիրեալ միաբանութիւնը։ Դպրեվանքի բովէն անցնելով՝ հասունցանք ու մեր մէջ հասունցաւ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին ծառայելու սէրը», ըսաւ հայր սուրբը։ Ան խնդրեց, որ երեկոյթին մասնակցող բոլոր դպրեվանեցիներ պահ մը ոտքի ելլեն, որպէսզի ներկաները տեսնեն դպրեվանքեան մարդակերտումի գուպարէն դուրս եկող մեր սաները, որովհետեւ անոնք այսօր, մեր համայնքին կեանքէն ներս կարեւոր նպաստը կը բերեն։ Նարեկէն հատուած մը կարդալով՝ հայր սուրբը անդրադարձաւ հայ եկեղեցականին յանձն առած զոհողութիւններուն, ինքնատուչութեան եւ վեր առաւ հայ եկեղեցականին առաքելութիւնը, որ ծառայութեամբ կը բնորոշուի եւ կ՛արժեւորուի։ Իր խօսքը եզրափակելով՝ հայր սուրբը ըսաւ. «Թող տէր Աստուած իր իսկ հիմնած եկեղեցին միշտ կանգուն ու պայծառ պահէ»։
Այս առթիւ շնորհաւորական խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ յղած էին Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Նարեկ եպս. Ալեմէզեան, Ճորճ սրկ. Լէյլէկեան եւ Վարուժան Տէր Սիմոնեան։
«Կիլիկիա» մաղթերգով եւ «Պահպանի»չ աղօթքով, հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.